Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Տոհա կատարած աշխատանքային այցի ծիրին մէջ այցելած է Քաթարի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցած է տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Խաչատուրեան ներկայացուցած է Հայաստանի ներքաղաքական եւ հասարակական կեանքի վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներուն՝ յատկապէս պաշտպանութեան, առողջապահութան, կրթութեան եւ ընկերային ոլորտներուն մէջ։
Նախագահը շեշտած է, որ պետական քաղաքականութեան հիմքին մարդու բարեկեցութիւնն ու երկրի անվտանգութիւնն են, եւ այդ ուղղութեամբ իրականացուող ծրագրերը միտուած են երկարաժամկէտ եւ կայուն արդիւնքներու ապահովման։
Զրոյցի ընթացքին Հայաստանի նախագահը պատասխանած է համայնքի ներկայացուցիչներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ու համատեղ նախաձեռնութիւններու իրագործման հնարաւորութիւններուն։


