Նոյեմբեր 7-ին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Հայաստան-Սաուտական Արաբիա բարեկամական խումբի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ խումբի ղեկավար Ալի պըն Մոհամմատ ալ Շահրանիի։
Նախարար Միրզոյեան իր խօսքին մէջ նշած է. «Ուղիղ երկու տարի առաջ՝ 2023 թուականի Նոյեմբերին էր, երբ մենք դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեցինք Սէուտեան Արաբիայի Թագաւորութեան հետ, եւ դա զուտ պաշտօնական յարաբերութիւնների հաստատում չէր. մենք հիմք դրեցինք ջերմ յարաբերութիւնների»: Ողջունելով այցը՝ նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ Հայաստան մեծապէս կը կարեւորէ համագործակցութեան ներուժի առաւելագոյն իրագործումը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ուղղութիւններով:
Ալի պըն Մոհամմատ ալ Շահրանին շնորհակալութիւն յայտնած է Սէուտական Արաբիայէն Հայաստան այս առաջին պաշտօնական այցի ընթացքին ցուցաբերած ջերմ հիւրընկալությեան համար՝ վստահութիւն յայտնելով, որ այն իր ներդրումը պիտի ունենայ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան եւ բարեկամութեան զարգացման գործին մէջ:
Զրուցակիցները ընդգծած են ծրագրերու իրականացման հարցով երկուստէք առկայ հետաքրքրութիւնը, այդ շարքին՝ մարդոց միջեւ շփումներու եւ զբօսաշրջութեան, գործարար կապերու խթանման, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ այլ ոլորտներու մէջ։
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ: Նախարար Միրզոյեան նշած է, որ հայկական կողմը բարձր կը գնահատէ Սէուտական Արաբիոյ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան աջակցող դիրքորոշումը:


