Ատրպէյճանը 2027-2029 թուականներուն համար կը նախատեսէ պետական պիւտճէէն պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ծախսերու մասնաբաժինը ընդհանուր պիւտճէի ծախսերուն մէջ նուազեցնել։
Եթէ 2026-ի պետական պիւտճէով պաշտպանութեան ու ազգային անվտանգութեան կ’ուղղուի ընդհանուր ծախսերուն 20,9 տոկոսը (մօտ 5,12 միլիառ տոլար), ապա 2027-2029 թուականներուն յատկացումները պիտի նուազին մինչեւ 18,4 տոկոս։ Այս թիւերը հրապարակած է Ատրպէյճանի Ելեւմուտքի նախարարութիւնը՝ «2026-2029 թուակկաններուն համար նախատեսուած միջնաժամկէտ ծախսերու մասին» ծրագրով։
Նման հեռանկարի պարագային պաշտպանութեան ու ազգային անվտանգութեան համար նախատեսուած ծախսերու տեսակարար կշիռը այլեւս ամենաբարձրը պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի պետական պիւտճէին մէջ եւ քիչ չափով պիտի զիջի «տնտեսական աշխուժութեան» յատկացուող մասնաբաժինին։ Վերջին ոլորտին համար 2026-ի պետական պիւտճէով նախատեսուած է յատկացնել ընդհանուր ծախսերուն 18,8 տոկոսը, իսկ յաջորդ տարիներուն համար այդ ցուցանիշը պիտի նուազի ընդամէնը 0,1 տոկոսով՝ հասնելով 18,7 տոկոսի։
Ատրպէյճանը սահմանած է 2027-2029 թուականներու պետական պիւտճէի յատկացումները։ 2027-ին պաշտպաննութեան ու ազգային անվտանգութեան պիտի ուղղուի շուրջ 4,85 միլիառ տոլար՝ 2026-ի 5,12 միլիառի փոխարէն։ 2028-ին յատկացումները աննշան պիտի աւելնան՝ հասնելով 4,86 միլիառի, իսկ 2029-ին կրկին պիտի նուազին մինչեւ մօտ 4,68 միլիառ տոլար։
Ատրպէյճանը 2026-ի պետական պիւտճէով պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ծախսերը 2025-ի համեմատութեամբ աւելցուցած է շուրջ 3,8 տոկոսով։ 2025-ին նախատեսուած պաշտպանական ծախսերը, որոնք ի սկզբանէ՝ 2024-ի Սեպտեմբերի կանխատեսմամբ, կազմած էին մօտ 3,9 միլիառ տոլար, այդ տարուայ Նոյեմբերին կատարուած յաւելեալ յատկացումէն յետոյ կազմած են մօտ 4,9 միլիառ տոլար։ 2026-2029 թուականներուն պաշտպանութեան ու ազգային անվտանգութեան ուղղուած պետական պիւտճէի յատկացումները նախնական են եւ կրնան փոխուիլ։
Համեմատութեան համար, Հայաստանի կառավարութիւնը 2026-ին պաշտպանական ծախսերուն պիտի ուղղէ մօտ 1,46 միլիառ տոլար, իսկ 2025-ի համար նախատեսած էր մօտ 1,7 միլիառ տոլար։

