Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Հետ Խաղաղութիւնը Բարդ Պայքար Է, Սակայն Ատրպէյճանը Յանձնառու Է Պահպանելու Քրիստոնէական Ժառանգութիւնը

Հայաստանի Հետ Խաղաղութիւնը Բարդ Պայքար Է, Սակայն Ատրպէյճանը Յանձնառու Է Պահպանելու Քրիստոնէական Ժառանգութիւնը

by MassisPost

«Հայաստանի հետ խաղաղութիւնը բարդ պայքար է, սակայն Ատրպէյճանը յանձնառու է պահպանելու իր տարածքին գտնուող քրիստոնէական ժառանգութիւնը, քանի որ այն իր պատմութեան մասն է»:

Տուպայի մէջ կայացած Euronews Forum-ի քննարկման ժամանակ այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:

Նախագահի խորհրդականը նշած է, որ թէեւ իր երկիրը աւելի լայն իսլամական քաղաքակրթութեան մաս է, ներկայիս Ատրպէյճանի մէջ կողք-կողքի կը գտնուին երեք կրօններ՝ իսլամը, քրիստոնէութիւնը եւ յուդայականութիւնը՝ մզկիթներով, եկեղեցիներով եւ սինակոկներով։

Հաճիեւ այնուհետեւ յայտնած է, թէ Ատրպէյճանը նուիրուած է քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանման՝ անկախ անոնց պատկանելութենէն, եւ ատիկա վերջակէտ է, որովհետեւ այդ իրենց մշակութային ժառանգութիւնն է։

«Այն նաեւ 4-րդ դարէն իվեր քրիստոնէութեան առաջին վայրերէն մէկն է. քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունած է Աղուանքի թագաւորութիւնը, մինչդեռ Ատրպէյճանը նաեւ առաջին երկիրներէն մէկն է, որ ընդունած է իսլամը։

Կովկասեան Աղուանքը հին թագաւորութիւն էր ներկայիս Ատրպէյճանի եւ հարաւային Տաղստանի որոշ հատուածներու մէջ, որ որեւէ կապ չունի Արեւմտեան Պալքաններու պետութեան՝ Ալպանիոյ հետ, որուն հետ այն կը կիսէ միայն անունը։

Հայկական եկեղեցական իշխանութիւնները վիճարկած են Ատրպէյճանի գրառումները կրօնական կառոյցներուն վերաբերեալ՝ մեղադրելով Պաքուն Ղարաբաղի մէջ եկեղեցիներ քանդելու համար, ինչ որ Ատրպէյճանը կը հերքէ»,- ըսած է Հաճիեւ:

Ատրպէյճանցի պաշտօնեան նաեւ դժգոհած է, թե Եւրոխորհրդարանը կ’ընդունի բանաձեւեր եւ որոշումներ, որոնք, իբր, ըստ իրենց, «կը նուաստացնեն եւ նաեւ կը խաթարեն տարածաշրջանի խաղաղութեան օրակարգը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment