Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Հայրենիք` Ազատ, Անկախ, Որ Ապրել Է… Եւ Պիտի Ապրի՛ Դարէ-Դար…

Մեր Հայրենիք` Ազատ, Անկախ, Որ Ապրել Է… Եւ Պիտի Ապրի՛ Դարէ-Դար…

by MassisPost

21 Սեպտեմբեր 2026-ին հայութիւնը պիտի նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-րդ տարեդարձը:

Երեսունհինգ տարիներու անկախութիւնը կարեւոր ժամանակահատուած մըն է: Այս տարեդարձը առիթ մըն է ոչ միայն տօնելու մեր ժողովուրդին արձանագրած յաջողութիւնները, այլ նաեւ անկեղծօրէն անդրադառնալու այն մարտահրաւէրներուն, որոնք տակաւին կը դիմագրաւէ մեր հայրենիքը:

Հայաստան 35 տարիէ ի վեր անկախ հանրապետութիւն է, սակայն պէտք է ընդունինք, թէ մեր անկախութիւնը միշտ չէ, որ եղած է այնքան կայուն եւ ապահով, որքան կը փափաքինք: Ներքին քաղաքական բաժանումները, անկայունութիւնը, քաղաքական ուժերու միջեւ առճակատումները եւ կարեւոր ազգային հարցերու շուրջ միասնական համաձայնութեան պակասը յաճախ թուլացուցած են մեր երկիրը միասին առաջ տանելու մեր կարողութիւնը:

Վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք յուսադրուած էինք, որ գէթ այս անգամ նոր ձեւաւորուած Ազգային ժողովը պիտի գործէ աւելի հեզասահ քան նախորդը. դժբախտաբար առ այսօր նկատելի չէ այդ ակնկալուած դրական փոփոխութիւնը: Ժողովուրդին մեծամասնութեան վստահութիւնը ստացած քաղաքական ուժին նկատմամբ ամէնօրեայ անիմաստ եւ անմակարդակ վէճերու յարուցումը ընդդիմութեան կողմէ` կործանարար հետեւանքներու կրնայ յանգեցնել:

Ժողովրդավարական համակարգի մը մէջ ընդդիմութիւնը ունի կարեւոր դերակատարութիւն: Ան պէտք է վերահսկէ կառավարութիւնը, անհրաժեշտ պարագային քննադատէ անոր քաղաքականութիւնը եւ ներկայացնէ այլընտրանքային լուծումներ: Սակայն ընդդիմութիւնը երբեք պէտք չէ վերածուի պետութեան բնականոն գործունէութիւնը խափանող կամ անոր յառաջընթացը արգելակող միջոցի:

Չնայած առկայ դժուարութիւններուն` Հայաստան արձանագրած է կարեւոր յառաջընթաց, յատկապէս 2018-ի քաղաքական փոփոխութիւններէն եւ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք: Երկիրը քաղաքական, ընկերային, տըն-տեսական եւ պետական կառավարման ոլորտ-ներուն մէջ ունեցած է նշանակալի փոփոխու-թիւններ: Դեռ կան բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք պէտք է լուծուին, սակայն պէտք չէ անտեսենք արձանագրուած յառաջընթացը: Յուսադրիչ, իրատեսութիւն պարունակող եւ համապարփակ է նոր կառավարութեան ներկայացուցած հնգամեայ գործունէութեան ծրագիրը: Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ հողային տարածքներու ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներու բարեկեցութիւնը ամրագրուած են ծրագրին մէջ:

Անկախութիւնը բան մը չէ, որ կարելի է պարզապէս ընդունիլ իբրեւ պարգեւ: Ան պէտք է ամրապնդուի եւ պաշտպանուի ամէն օր` զօրաւոր բանակով, ժողովրդավարական արժէքներով, տնտեսական զարգացումով, ընկերային կայունութեամբ եւ, ամէնէն կարեւորը, ազգային միասնականութեամբ:

Այսօր Հայաստանի մեծագոյն կարիքներէն մէկը խաղաղութիւնն է:

Պատերազմը մեր խնդիրներուն լուծումը չէ: Պատերազմը կը բերէ մահ, աւերածութիւն, տեղահանութիւն եւ անորոշութիւն, մինչդեռ խաղաղութիւնը կը ստեղծէ զարգացման, ներդրումներու, բարգաւաճման եւ մեր ժողովուրդին համար աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու պայմանները:

Կարեւոր է նայիլ դէպի ապագայ եւ կառուցել այնպիսի երկիր մը, ուր ժողովուրդը կարենայ ապրիլ, արարել եւ բարգաւաճիլ ապահովութեան մէջ:

Ասիկա երբեք չի նշանակեր մոռնալ մեր պատմութիւնը կամ հրաժարիլ մեր ազգային շահերէն: Ընդհակառակը, կը նշանակէ ունենալ իմաստութիւնը պաշտպանելու Հայաստանը խաղաղութեան, դիւանագիտութեան եւ պատասխանատու ազգային քաղաքականութեան միջոցով:

Մենք պէտք է նայինք դէպի ապագայ:

Պէտք է դասեր քաղենք անցեալէն` առանց անոր գերին դառնալու: Պէտք է յարգենք տարբեր քաղաքական կարծիքները` առանց թոյլ տալու, որ քաղաքական հակադրութիւնները պառակտեն մեր ժողովուրդը: Պէտք է ամրապընդենք Հայաստանի Հանրապետութեան պետական հաստատութիւնները եւ ժողովրդավարութեան տանք գործելու հնարաւորութիւնը:

Անկախութեան 35 տարիներէն ետք, մեր առջեւ դրուած հարցը միայն այն չէ, թէ ի՞նչ ձեռքբերումներ արձանագրած ենք, այլ նաեւ` ինչպիսի՞ Հայաստան կ?ուզենք կառուցել յառաջիկայ 35 տարիներուն համար:

Սփիւռքն ալ ունի կարեւոր պատասխանատւութիւն:

Մենք` Հայաստանի սահմաններէն դուրս ապրող հայերս, պէտք է աջակցինք մեր հայրենիքին: Մեր աջակցութիւնը պէտք չէ ըլլայ միայն խօսքով, այլ` գործով, նուիրումով եւ շօշափելի մասնակցութեամբ:

Միաժամանակ, Հայաստանի նկատմամբ մեր աջակցութիւնը պէտք է վեր ըլլայ քաղաքական բաժանումներէ: Մենք կրնանք ունենալ տարբեր քաղաքական կարծիքներ, սակայն մեր ընդհանուր կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ  տեսնել աւելի զօրաւոր, անկախ, ժողովրդավար եւ խաղաղ Հայաստան մը:

Անթոյլատրելի է հայրենի պետութեան հետ ունեցած մեր տարակարծութիւնները Սփիւռքի մեր ապրած երկիրներուն մէջ վերածել պետական հարցերու եւ անոնց վրայ արտացոլել մեր քաղաքական տարակարծութիւնները: Իրատեսական չէ հայրենի պետութեան պարտադրել եւ պահանջել, որ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ գործէ ոչ-պետական մտածողութեամբ: Մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել Հայաստանի Հանրապետութեան շահերը եւ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ նպաստել անոր զարգացման ու ամրապնդման:

Հայաստան բոլոր հայերուն հայրենիքն է:

Անկախութեան 35-րդ տարեդարձին` եկէ՛ք տօնենք մեր ձեռքբերումները, սրբագրե՛նք մեր թերութիւնները եւ վերահաստատե՛նք մեր նուիրումը Հայրենիքի ապագային:

Եկէ՛ք միասին աշխատինք կերտելու այնպիսի Հայաստան մը, որ ըլլայ անկախ, խաղաղ, ժողովրդավար, ապահով եւ բարգաւաճ:

Թող Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութիւնը միասնական կանգնի յանուն աւելի ուժեղ ապագայի մը:

ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔ` ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ,
ՈՐ ԱՊՐԵԼ Է…
ԵՒ ՊԻՏԻ ԱՊՐԻ՛ ԴԱՐԷ-ԴԱՐ…

«ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ »
ՍԻՏՆԻ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment