Հայաստանի իշխանութիւնները Ռուսաստանի հետ կապերը խզելու եւ Արեւմուտքի հետ համագործակցութիւնը ամրապնդելու ուղեգիծ որդեգրած են, ակնյայտ է ՆԱԹՕ-ի հետ փոխգործողութիւնը ընդլայնելու Երեւանի ձգտումը, յայտնած է Ռուսաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու:
«Աւելի ցուցադրական իրավիճակ ստեղծուած է Հայաստանի հետ: Յիշեցնեմ, որ 90-ականներուն Ռուսաստանը փրկեց այդ երկիրը տնտեսական եւ ուժանիւթային փլուզումէ, իսկ ԵԱՏՄ-ին անդամակցութեան տասը տարիներուն անոր տնտեսութիւնը
աճած է գրեթէ եռակի: Ընդ որում՝ ներկայիս իշխանութիւնները Ռուսաստանի հետ կապերու խզման եւ Արեւմուտքի հետ համագործակցութեան ամրապնդման ուղեգիծ որդեգրած են»,- ըսած է Շոյկու գիտական-փորձագիտական խորհուրդի նախագահութեան անդամներու խորհրդակցութեան ժամանակ:
«Ակնյայտ է ՆԱԹՕ-ի հետ փոխգործողութեան ընդլայնման Երեւանի ձգտումը եւ բացայայտ սպառողական վերաբերմունքը տարածաշրջանային համարկման մեխանիզմներու, նախ եւ առաջ՝ ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի նկատմամբ»,- նշած է ՌԴ Ախ
քարտուղարը:
Շոյկու պնդած է, թէ Արեւմուտքը բացայայտ կը միջամտէ Հայաստանի եւ Վրաստանի ներքին գործերուն, ԱՄՆ-ը եւ Եւրոպան շահագրգռուած են «Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսաստանի եւ Իրանի դիրքերու առաւելագոյնս թուլացմամբ եւ իրենց կանոններու հաստատմամբ»:
Ռուսաստանը «չի պատրաստուիր ֆինանսաւորելու Հայաստանի եւրոհամարկումը, եւ Երեւանի իւրաքանչիւր քայլ այդ ուղղութեամբ առարկայական հետեւանքներ ունի»,- ըսած է ՌԴ ԱԽ քարտուղարը՝ յիշեցնելով, որ Ռուսաստանի նախագահը յստակ արտայայտած է Մոսկուայի վերաբերմունքը.- «Երեւանը պէտք է կողմնորոշուի իր ուղղութեան հարցով եւ հանրաքուէ կատարի ԵՄ մտնելու կամ ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալու հարցով»:

