Պաքուի կողմէ շրջանառուող, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» թեզը լրջագոյն սպառնալիք է Հայաստանի տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ հաստատուած խաղաղութեան համար, յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ «Համապարփակ անվտանգութիւն եւ դիմակայունութիւն» խորագրով միջազգային համաժողովին։ Անոր խօսքով՝ հրապարակային եւ ոչ-հրապարակային խօսոյթներու զուգահեռ գոյութիւնը նորագոյն մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ անվտանգային միջավայրին մէջ։
«Մենք այդ մարտահրաւէրների դրսեւորումները ժամանակ առ ժամանակ տեսնում ենք բոլորովին ամենատարբեր առիթներով»,- ըսած է վարչապետը։
Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ անվտանգային խնդիրները յաճախ կը սկսին մտածողութենէն, երբ ներքին կեանքին մէ’ կը կատարուին իրականութենէն կտրուած շեշտադրումներ, իսկ բանակցային սեղանին շուրջ կը քննարկուին բոլորովին այլ տրամաբանութեան հարցեր։
«Այն պահից, երբ յայտնուել են ընկերային ցանցերը, ջնջած են ներքին եւ արտաքին խօսակցութեան սահմանները»,- նշած է Փաշինեան։
Անդրադառնալով Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի բանակցութիւններուն՝ Փաշինեան նշած է, որ գործընթացին յաջողութիւն արձանագրուած է մեխանիկական փոխադարձութեան սկզբունքէն հրաժարելէ յետոյ, երբ հայկական կողմը որոշած է դուրս գալ անվերջանալի «փինկ-փոնկի» տրամաբանութենէն։
«Եթէ պատկերացնենք այս իրավիճակով խաղաղութեան համաձայնագիրը այդ պահի դրութեամբ համաձայնեցուած վիճակում ստորագրուած եւ վաւերացուած է, սա Հայաստանի համար խնդրինե՞ր է ստեղծում, թէ՞ լուծում է խնդիրները»,- ըսած է վարչապետը։
Վարչապետին գնահատմամբ՝ 2022-ի սեպտեմբերեան իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ նախապէս գոյութիւն ունեցող միաբաղադրիչ անվտանգային համակարգը անգործունակ է, ինչի պատճառով պետութիւնը կանգնած էր ինքնիշխանութիւնը կորցնելու վտանգի առջեւ։
«Մինչեւ 2022 թուականը գոյութիւն ունեցող անվտանգութեան բանաձեւը, կը ներէք, բայց ինքն իր էութեան մէջ նախնական էր, որովհետեւ ինքը կազմուած էր մի նախադասութիւնից. «Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնը կ’ապահովի մեր անվտանգութիւնը»։ Այս նախադասութիւնը շարունակութիւն չունէր»,- ըսած է ան։
Փաշինեան շեշտած է, որ անվտանգային նոր ճարտարապետութեան հիմքին ինկած է միջազգային օրինականութիւնը՝ Հայաստանի 29,743 քառակուսի քիլոմեթր տարածքին պաշտպանութիւնը, իսկ անկէ դուրս գալը, ներառեալ ներգաւառային «յաւակնութիւնները», վտանգաւոր հիմքեր կը ստեղծէ երկրին դէմ։
«Այսինքն․ մենք միջազգային օրինականութիւնից 10 քառակուսի քիլոմեթր դուրս ենք գալիս, ո՞ւմ հաշուին ենք դուրս գալիս, ինչ-որ ուրիշի, դա նշանակում է՝ ինչ-որ ուրիշին մատուցում ենք օրինականութիւն՝ մեր դէմ գործողութիւններ անելու»,- ըսած է վարչապետը։

