Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թեհրանը TRIPP-ին Պիտի Չհակադրուի, Եթէ Պահպանուի Երկու Պայման. Իրանի Դեսպան

Թեհրանը TRIPP-ին Պիտի Չհակադրուի, Եթէ Պահպանուի Երկու Պայման. Իրանի Դեսպան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամի ըսած է, որ Թեհրանը պիտի
չհակադրուի TRIPP հաղորդակցական նախագիծին, եթէ այն չվտանգէ Հայաստանի
տարածքային ամբողջականութիւնն ու ազգային ինքնիշխանութիւնը եւ
անվտանգային սպառնալիք չստեղծէ Իրանի համար ԱՄՆ-ի կամ ամերիկեան
ընկերութիւններու ներգրաւուածութեան պատճառով։

TRIPP-ի վերաբերեալ հարցումին պատասխանելով՝ Շիրղոլամի անդրադարձած է
այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքի» գաղափարի շուրջ Իրանի նախկին
դիրքորոշման։

«Իրանը կանգնեց Զանգեզուրի հարցին դէմ։ Մենք նոյնիսկ ըսած էինք, որ եթէ
հարեւան երկիրներէն մէկը ուզէ որոշակի սահմաններէն այն կողմ երթալ,
պատրաստ ենք աւելի լուրջ միջամտութեան»,- ըսած է ան։

Դեսպանին խօսքով՝ այդ ծրագիրը «առնուազն արտաքուստ» մէկ կողմ դրուած է եւ
այլեւս չի բարձրացուիր։ Ան նշած է, որ քննարկուող TRIPP նախագիծը լիովին չ’արտացոլեր այն նպատակները, որոնք հետապնդած են Ատրպէյճանն ու Թուրքիան։

«Առնուազն այդ պահուն քննարկուող նախագիծը լիարժէք չ’արտացոլեր այն
նպատակները, որ կը հետապնդէին Ատրպէյճանն ու Թուրքիան։ Չէ կատարուած
այն, ինչ անոնք կ’ուզէին»,- ըսած է Շիրղոլամի։

Ան նշած է, որ Թեհրանի համար ընդունելի է, որ Հայաստանը կարենայ իր
հնարաւորութիւնները օգտագործել որպէս հաղորդակցական եւ կապերու հանգոյց։

«Հայ պաշտօնեաներուն հետ մեր զրոյցներուն մէջ եւ այս փաստաթղթի բնագրինն մէջ շեշտադրուած է Հայաստանի ազգային ինքնիշխանութեան եւ տարածքային
ամբողջականութեան պահպանումը»,- ըսած է դեսպանը։

Շիրղոլամի յաւելած է, որ Իրանը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան
հարցին յատուկ զգայունութեամբ կը մօտենայ, իսկ Սիւնիքը կը դիտարկէ
Հայաստանի եւ Իրան-Հայաստան կապի համար ռազմավարական նշանակութիւն
ունեցող տարածք։

Անոր խօսքով՝ TRIPP-ը կամ որեւէ այլ նախագիծ դիւանագիտական
տեսանկիւնէն խնդիր չի ներկայացներ, քանի դեռ այն առարկայականօրէն սպառնալիք
չ’ենթադրեր հայ-իրանեան յարաբերութիւններուն եւ Իրանի համար։

«Երկու հարց կարեւոր է։ Առաջինը՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն
ու ազգային ինքնիշխանութիւնը, թէ՛ այժմ, թէ՛ ապագային, այս նախագծով՝
ինչ անուն ալ այն կրէ, որեւէ կերպ պէտք չէ վտանգուած ըլլան»,- ըսած է
Շիրղոլամի։

«Երկրորդը՝ ԱՄՆ-ի կամ ամերիկեան ընկերութիւններուն ներկայութիւնը
Իրան-Հայաստան սահմանային գօտիին մէջ որեւէ ձեւով պէտք չէ սպառնալիք ստեղծէ
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար»,- շարունակած է ան։

Դեսպանին խօսքով՝ եթէ այդ պայմանները պահպանուին այժմ եւ ապագային, իսկ
հաղորդակցական նախագիծը օգուտ բերէ Հայաստանի ժողովուրդին, «Իրանի
Իսլամական Հանրապետութիւնը հակադրուելու պատճառ չի տեսներ»։

«Պէտք է սպասենք եւ տեսնենք, թէ այս երկու կարեւոր նկատառումները
պիտի պահպանուի՞ն երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ, թէ՞ ոչ»,- եզրափակած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment