Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դէմ Դիմաց Հայաստանի Անկախութեան Ամրապնդման Մարտահրաւէրին Առջեւ

Դէմ Դիմաց Հայաստանի Անկախութեան Ամրապնդման Մարտահրաւէրին Առջեւ

by MassisPost

Ժողովուրդներու ու հաւաքականութիւններու համար անկախութեան ձգտումը գերագոյն նպատակ կը համարուի ազգային իղձերու իրականացման ճամբուն։

35 տարիներ առաջ՝ 1991 թուականի Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի ժողովուրդը հանրաքուէով ընտրեց իր ուղին՝ դասուելով անկախ երկիրներու շարքին, ու այդ օրէն ասդին կը ձգտի քայլ առ քայլ հասնիլ ամբողջական ինքնիշխանութեան, որուն շնորհիւ պիտի կարենայ ապահովել իր երկրի զարգացումն ու բարգաւաճումը։

Անկախութեան 35 տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդը անցաւ բազմաթիւ փորձութիւններու ընդմէջէն։ Արցախեան առաջին պատերազմ, ցուրտ ու մութ տարիներ, զանգուածային արտագաղթ, Հոկտեմբեր 27-ի եւ Մարտի 1-ի ողբերգական իրադարձութիւններ, պետական միջոցներու թալան ու մսխում, երկրի ռազմավարական նշանակութեան հիմնարկներու մէկ այլ պետութեան յանձնում, կեղծուած ընտրութիւններ, ժողովրդային պոռթկում ու յեղափոխութիւն, Արցախեան երկրորդ պատերազմ ու պարտութիւն։ Այս բոլոր իրադարձութիւնները տեղի ունեցան մեզմէ շատերու աչքերուն առջեւ եւ պիտի գան արձանագրուելու մեր պատմութեան էջերուն վրայ։

Ներկայիս կը գտնուինք նոր մարտահրաւէրի մը՝ անկախութեան ամրապնդման մարտահրաւէրին առջեւ։ Մինչեւ 2020 թուականը հաշտուած էինք մեր գոյավիճակին հետ։ Չէինք անդրադարձած, որ որքան կախեալ ենք մէկ երկրէ ու ուժային կեդրոնէ։ Մեր տնտեսութիւնը, բանակը, արտաքին քաղաքականութիւնը, կազը, արտահանման շուկան ու բազմաթիւ այլ ոլորտներու պարագային Հայաստանը կախեալ էր մէկ երկրէ, որ կը նկատուէր մեր միակ դաշնակիցն ու հողային ամբողջականութեան երաշխաւորը։

Վերջին տարիներու իրադարձութիւնները եկան խախտելու մեր համոզումները, փլուզուեցան յոյսերը՝ մղելով վերատեսութեան ենթարկելու մեր մտքերուն մէջ ձեւաւորուած դատողութիւնները։ Հայաստանի ապագայ զարգացումը, ժողովուրդի բարեկեցութեան մակարդակի բարձրացումը, բանակի հզօրացումը, ժողովրդավարութեան ամրապնդումը կը կարօտին նոր մտածողութեան ու նոր աշխարհաքաղաքական մօտեցումներու։

Անկախութիւնը կ’ամրապնդուի, երբ Հայաստանը կը վարէ բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութիւն՝ յարաբերութիւններ մշակելով Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ նաեւ Ռուսաստանի հետ՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ հաւասարութեան սկզբունքին վրայ։

Անկախութիւնը կ’ամրապնդուի, երբ Հայաստանը կը կարողանայ զէնք ձեռք ձգել Հնդկաստանէն, Ֆրանսայէն ու բազմաթիւ այլ երկիրներէ՝ վերազինելու եւ արդիականացնելու համար իր ազգային բանակը, որպէսզի ան դառնայ սահմաններու պաշտպանութեան ու անձեռնմխելիութեան երաշխիքը՝ առանց մնալու այլոց յոյսին։

Անկախութիւնը կ’ամրապնդուի, երբ հայկական արտադրութիւնները դուրս կու գան այլ շուկաներ, ու կը դադրի տնտեսութեան ամբողջական կախուածութիւնը մէկ երկրէ, որ կ’օգտագործէ զայն որպէս մահակ՝ պարտադրելու իր կամքը։

Անկախութիւնը կ’ամրապնդուի, երբ բազմազանեցման քայլեր կ’առնուին բոլոր ուղղութիւններով։

Անկախութիւնը կ’ամրապնդուի, երբ կը դադրին գոյութիւն ունենալ այլ երկիրներու շահերուն սպասարկող ուժեր, որոնք պատրաստ են զոհելու Հայրենիքի ինքնիշխանութիւնը՝ յանուն խմբակային շահերու։

Կ’ըսուի թէ անկախութիւնը պահելը աւելի դժուար է, քան զայն նուաճելը։ Այսօր Հայաստանը կը մղէ իր անկախութիւնը պահելու ու անոր վրայ աւելի հզօր, զարգացած, բարգաւաճ ու ժողովրդավար երկիր կառուցելու պայքարը։

35-րդ տարեդարձին առիթով, լաւատեսութեամբ ու վստահութեամբ կը նայինք ապագային եւ հորիզոններուն վրայ կը տեսնենք աւելի փայլուն ու խոստումնալից օրեր՝ մեր Հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին։

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment