ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Փեքինի մէջ հանդիպած է ՉԺՀ պաշտպանութեան նախարար, ծովակալ Տուն Ցզիւնի հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Չինաստան համագործակցութեան եւ անոր զարգացման հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:
Կողմերը, բարձր գնահատելով պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմ համագործակցութեան մակարդակը, ընդգծած են փոխգործակցութեան նոր ուղղութիւններու զարգացման եւ երկարաժամկէտ ծրագրման կարեւորութիւնը:
Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՉԺՀ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահէ Գէորգեան։

