Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ջանքերուն համար վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհուած է Հեսսէյեան խաղաղութեան մրցանակը։
Ըստ գերմանական «Hessenschau» պարբերականին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կը պարգեւատրուի 2018-էն իվեր ժողովրդավարական բարեփոխումներ իրականացնելու, Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ վարած քաղաքականութեան համար:
Գերմանական կողմը կ’արձանագրէ, որ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ Հայաստանը աստիճանաբար կը կողմնորոշուի դէպի Եւրոպա, իսկ 2025-ին օրէնսդրօրէն ամրագրուած է ԵՄ-ին անդամակցելու նպատակը: Հաղորդագրութեան մէջ կ’ընդգծուի, որ տասնամեակներ տեւած հակամարտութենէն յետոյ, 2025-ի Օգոստոսին Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ նախաստորագրած են խաղաղութեան պայմանագիրը:
Մրցանակի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ Ասթրիտ Վալմանի խօսքով՝ այս պարգեւատրումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի յառաջընթացը գնահատելու քայլ է: Խորհուրդի նախագահ Քարլ Շթարցախեր նշած է, որ Փաշինեանը ռազմական սրման փոխարէն ընտրած է դիւանագիտութեան ու քաղաքական բանակցութիւններու ճանապարհը:


