Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երրորդ Հանրապետութեան 35-Րդ Տարեդարձը

Երրորդ Հանրապետութեան 35-Րդ Տարեդարձը

by MassisPost

ՄԷԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Տօնական օրերուն կամ ընկերային հաւաքոյթներուն հայրս լիաթոք կ’երգէր

 «Սեղանն է առատ,
Դիմացն՝ Արարատ,
Հնչում են երգեր
Ուրախ ու զուարթ»:

Եւ խմիչքի բաժակը բարձրացնելով՝ խմբավարի դերով շուրջինները կը ստիպէր ոտքի կանգնիլ եւ բարձր ձայնով երգելու.

 «Լեցնենք, ընկերնե՛ր,
Բաժակները լի,
Թող հայոց գինին
Մեզ անուշ լինի»:    

Հայաստանի Երկրորդ Հանրապետութեան շրջանին յօրինուած եւ երգուած այս երգը խոր­քին մէջ պանծացումն էր այն ԽԱՂԱՂ կեանքին, որ մեր հայրենի ժողովուրդը ունեցաւ ամբողջ եօթանասուն տարի սովետական հովանիի տակ:

Եւ վստահաբար ամէն հայ երգած է այդ երգը հօրս խանդավարութեամբ եւ խոր ապրումով, որպէս հայ ազգի վերածնունդի քայլերգը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ:

Այսօր եւս ամէն հայ պէտք է նոյն խանդավառութեամբ եւ ապրումով  երգէ  այդ երգը՝ տօնելու Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան 35-րդ տարեդարձը:

Արդարեւ, անվերջ թուող արցախեան ճակատին վրայ մղուող պատերազմներէն ետք, հայրենի ժողովուրդը գիտցած է վերջ տալ իր ողբերգական վերիվայրումներուն եւ ընտրած է ԽԱՂԱՂ ապրելու ճանապարհը:

Խաղաղ կեանքը սովետական շրջանին եղաւ ի գին ազգայնական զգացումներու խափանման՝ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը կարեւորելով:

Խաղաղ կեանքը այսօր պիտի ըլլայ ի գին ազգայնական ջիղի սանձումին՝ որպէս գին իրապաշտութեան եւ որպէս վերջ անհաւասար պայքարի կործանարար ընթացքին:

Մեր պապերը «Մահ կամ ազատութիւն» երգեցին՝ անհաւասար պայքարի մէջ դնելով ինքզինքնին, երբ ստրկացած վիճակի մէջ չկար ելք ու ճար կամ հնար պատուաբեր կեանք մը ապրելու: Նոյնը չէ պարագան այսօր, երբ աշխարհ մեզ կ՚ընդունի որպէս յառաջադէմ, ազատ ու անկախ պետութիւն եւ ոչ՝ անհաւասար պայքարի արժանի զոհ:

Մեր պապերու զոհաբերութիւնը մեզի տուաւ պետութիւն մը, որ ազգայնականութեան բուռն կանչին անսալով ազատագրեց Արցախը եւ այդ ընելով ուրախացուց մեզ բոլորս:

Հպարտացանք, որ առաջին անգամ ըլլալով մեր արիւնոտ պատմութեան մէջ մեզմէ խլուած մաս մը հայրենիք կ՚ազատագրէինք:

Բայց ժամանակը ցոյց տուաւ, որ մենք մեր ազգային ապիկարութեամբ արժանի չեղանք այդ մաս մը հայրենիքը յաւերժ մերը դարձնելու:

Արցախի «հերոսներէն» ոմանք հարստանալու ետեւէն իյնալով՝ մոռցան, թէ Արցախը պէտք ունէր իրենց գողօնին՝ թշնամիին դէմ զօրաւոր մնալու համար զէնքով եւ ոգիով:

Անոնք խաբեցին մեզ՝ յուսադրելով, թէ մենք այնքան զօրաւոր ենք, որ թշնամին քանի մը օրէն պատերազմի մէջ մեր դէմ չէր տոկար: Եւ դժբախտութիւնը 44-օրեայ կռուին ցոյց տուաւ, որ սուտ էին անոնք: «Յաղթելու ենք» պոռացող եւ հոս ու հոն ճարահատ վազող վարչապետը դաւաճան կոչեցին եւ անոր հրաժարականը պահանջեցին՝ ապաւինած իրենց պաշտպան,– բայց ոչ Հայաստանի պաշտպան,– Ռուսիոյ:

Իրենց կողմէ «դաւաճան» կոչուող վարչապետը, սակայն, տեսնելով եւ իմանալով ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ նիւթուող զարգացումները, ունեցաւ անսովոր իմաստութիւնն ու քաջութիւնը ըլլալու ԻՐԱՊԱՇՏ հայ առաջնորդը՝ իր ժողովուրդը դէպի ԽԱՂԱՂ կեանքի մը արժանի դարձնելու:

Այո՛, լաւ կ՚ըլլար, եթէ հարստացողներուն ապիկարութիւնն ու արկածախնդրութիւնը այս վիճակի չհասցնէին մեզ եւ մեր ծռած գլխով իրապաշտ դառնալու իմաստութիւնը չունենայինք եւ Արցախը տեսնէինք որպէս բարգաւաճ մասնիկը մեր հայրենիքին: Բայց եղածը եղած է եւ մեր դրացիներուն հետ խաղաղ ապրելու հրամայականը կը բխի հայաստանցիին իր կեանքը բարելաւելու պահանջքէն եւ ռուսէն կախեալ չըլլալու մեր փորձառութենէն:

35-րդ տարեդարձն է այս տարի Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան եւ Չորրորդ Հանրապետութեան մը ծնունդի մասին կը խօսուի ներկայիս:

Մեր ժողովուրդը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ անհամերաշխ վիճակ ունի ներկայիս՝ որպէս հետեւանք անցեալի չարագործութիւններէն ստեղծուած անիրաւութիւններուն: Ամէնքն ալ սակայն, անկասկած, պիտի տօնեն այս հանրապետութեան 35-րդ տարեդարձը՝ բարձր բռնած խմիչքով լի բաժակները, ցոյց տալու աշխարհին, որ մոխիրներէ եւ զրկանքներէ վեր կանգնած Հայաստանի պետութիւնը գոյ է եւ կենդանի՝ իր աշխարհատարած զաւակներուն սէրով եւ խանդաղատանքով պարուրուած:

Արդար է հոս նաեւ ըսել, թէ շատ մը Հայաստանի քաղաքացիներ ընտրած են ճիշդ ճամբան՝ ըլլալու բարեկամ բոլոր դրացիներուն հետ, որպէսզի «ոչ մի մարդ վիշտ չտեսնի մեր մայրերի աչքերում», եւ որպէսզի մեր հայրենի ժողովուրդը ապրի պատերազմներէ հեռու, բարւոք եւ ստեղծարար խաղաղութեան մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment