Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 14 Ֆրանսացի Ճարտարագիտական Ուսանողներ Հայաստանի Գիւղերէն Մէկուն Մէջ՝ Համադրեցին Համերաշխութիւնը Եւ Մարդկային Արկածախնդրութիւնը

14 Ֆրանսացի Ճարտարագիտական Ուսանողներ Հայաստանի Գիւղերէն Մէկուն Մէջ՝ Համադրեցին Համերաշխութիւնը Եւ Մարդկային Արկածախնդրութիւնը

by MassisPost

Զուարթնոց Միջազգային Օդակայան : Մէկ տարի անցած է արդէն վերջին առաքելութենէն։ «Arts et Métiers» եւ «ESTP Paris» հեղինակաւոր ճարտարագիտական համալսարաններէն 14 ուսանողներ առաջին անգամ ոտք դրին երկիր մը, զոր կը ճանչնային միայն անունով։ Անոնք եկած էին ապրելու փորձառութիւն մը, որ պիտի փոխէր իրենց աշխարհահայեացքը եւ իրենց դերը՝ որպէս ճարտարագէտներ։

2025ի արկածախնդրութիւնը Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) կազմակերպած հերթական երրորդ ծրագիրն էր, որ ընդգրկուած է ուսանողներուն դասընթացքներուն՝ իբր մարդասիրական փորձաշրջան։

2025ի Յունիս 16էն մինչեւ Յուլիս 25, Երեւանէն 30 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք գտնուող Կոշ գիւղին մէջ, ուսանողները մասնակցեցան վերանորոգման ծրագիրի մը, որուն նպատակն էր նորոգել գիւղի նախակրթարանին մի քանի դասարաններ եւ հոն տեղադրել ջեռուցման համակարգ մը՝ դիմագրաւելու համար այդ շրջանի խիստ ձմեռնային պայմանները։

Ներծծում հայկական գիւղական կեանքին մէջ

Օդակայանին մէջ ուսանողներուն դիմաւորուեցին նախագիծի համակարգող կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ՝ Վարազդատն ու Ալիսը։ Մեկնելէ առաջ դէպի Կոշ, Երեւանի մէջ անցուցած մի քանի ժամերը առիթը ընծայեցին անոնց ծանօթանալու տեղական խոհանոցին, ներծծուելու հայկական մշակոյթին մէջ եւ հասկնալու հայ ժողովուրդին դիմացողականութիւնը պատմութեան ընդմէջէն :

Կոշի մէջ անոնց կը սպասէր ջերմ դիմաւորութիւն մը, որուն շնորհիւ լեզուական արգելքը անմիջապէս անհետացաւ։ Գիւղի դպրոցի երեխաները պատրաստած էին պարեր եւ երգեր ի պատիւ ուսանողներուն։ Խորովածի շուրջ աւանդական ճաշ մը անմիջապէս տուաւ հիւրընկալութեան երանգը՝ Բարի եկած էք : Հոս ձեր տունն է։

Բազմակողմանի ծրագիր

Հինգ շաբաթներ շարունակ ուսանողները հերթով աշխատեցան դպրոցին մէջ՝ իրականացնելու համար իրենց առաքելութիւնը․ փայտէ հատակի տեղադրում, առաստաղներու նորոգում, ներկ, ջրմուղագործութիւն, ջեռուցման տեղադրում, խաղավայրի ստեղծում… Աշխատանքը ծանր էր, գործիքները երբեմն պարզունակ, բայց ոգեւորութիւնը երբեք չէր պակասեր։ «Մենք ամէն ինչ սորվեցանք աշխատանքի ընթացքին, եւ ահա՛ այս է փորձառութեան իսկական արժէքը», — կ’ըսէ Ասթրիտը, ESTP-ի ուսանողուհին, շարունակելով՝ «Հիմա, այսպէս է, որ իսկապէս կ’ըմբռնես, ինչ կը նշանակէ բան մը կառուցել ուրիշներուն համար»։

Տեղացի վարպետներուն հետ աշխատելով՝ անոնք բացայայտեցին տարբեր հմտութիւններ եւ ոճեր (կահոյք, սեղաններ եւ աթոռներ կազմել), աւելցուցին իրենց գիտելիքներուն եւ ամէնէն կարեւորը, սորվեցան բաժնել ու փոխանցել իրենց եռանդը, որովհետեւ պատերու կրկնօրինակ ներկումը շատ արագ կը դառնայ յոգնեցուցիչ։ Աշխատանքային օրուան աւարտէն ետք, անոնք կը կազմակերպէին մարզական եւ արուեստական խաղեր երեխաներու համար։ «Ճիշդ այս փոխանակման պահերուն է, որ «մարդասիրական» բառը կը ստանայ իր ամբողջական իմաստը», — կ’աւելցնէ Նաթանը՝ «Arts et Métiers»-ի ուսանողը։

Նախ եւ առաջ՝ մարդկային փորձառութիւն

Աշխատանք-փորձաշրջանէն զատ, սա իսկական մարդկային արկածախնդրութիւն մըն էր։ Ուժեղ կապեր ստեղծուեցան տարբեր դպրոցներէ ուսանողներու միջեւ։ Կոշի բնակիչներուն հետ կիսուած պահերը շատ անգամ պարզ էին, բայց խորապէս ազդեցիկ : Ընտանեկան ճաշասեղանները, տեղական տօները, երեխաներու ծիծաղը եւ աւանդոյթներու փոխանցումն է որ եկան ամրապնդելու այս կապերը։

Շաբաթավերջերը նուիրուած էին Հայաստանի ուսումնասիրութեան՝ Սեւանայ լիճը, Արագած լեռը, Տաթեւի եւ Խոր Վիրապի վանքերը, գիւղերն ու քաղաքները… Ուսանողները բոլորն ալ վերադարձան անմոռանալի յիշատակներով եւ այն զգացումով, որ ապրած են իսկապէս եզակի փորձառութիւն մը։ «Հայկական հիւրընկալութիւնը առասպել չէ», — կ’ըսէ Էրիկը։ «Մենք մեզ զգացինք ողջունուած, ցանկալի, օգտակար։ Այս մէկը յուզիչ էր»։

Նախաձեռնութիւն մը, որ պիտի շարունակուի

Երեք տարիներու փորձին անուրանալի յաջողութեան հիման վրայ՝ ՀԿԲՄը  որոշեց ամէնամեայ կրկնել այս փորձառութիւնը։ Նոր նախագիծը ներառած է նաեւ ընդլայնուիլ դէպի այլ գիւղական դպրոցներ եւ գիւղեր եւ ի վերջոյ նպաստել ամբողջ Հայաստանի մէջ մարդասիրական ծրագրերու ամուր ցանցի մը ստեղծմանը։ Այս աշխատանքին շնորհիւ՝ տարբեր ճարտարագիտական համալսարաններու ուսանողները պիտի ստանան մարդասիրական փորձառութիւն եւ ծանօթանան Հայաստանին, մինչ գիւղական համայնքներու դպրոցներու ենթակառուցուածքները պիտի բարելաւուին։

Շնորհակալութիւն ձեր աջակցութեան համար

Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս, ծրագրին  ամբողջական տնտեսումը իրականացաւ շնորհիւ ուսանողներուն եւ նուիրատուներու առատաձեռնութեանը : Այս հաշուեցոյցով կարելի եղաւ տեղւոյն վրայ գնել շինանիւթերը եւ վճարել ներգրաւուած հայ վարպետները։

Գալ աշնան վերամուտին, Կոշի դպրոցականները պիտի գտնեն նորոգուած մուտքի սրահ, նորոգուած աստիճանավանդակ եւ նորոգուած երեք դասարաններ։ Իսկ ձմրան, անոնք պիտի սորվին ջերմ դասարաններու մէջ :

Առանց մեր գործընկերներուն, նուիրատուներուն, մասնակցող դպրոցներուն եւ կամաւորներու անփոխարինելի աջակցութեանը, այս ծրագիրը երբեք չէր իրականանար։ Շնորհակալութիւն բոլորին։

Եւ մանաւանդ շնորհակալութիւն ուսանողներուն, որոնք ընտրեցին ՀԿԲՄի  առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ որպէս իրենց մարդասիրական նախագիծ։ Անոնց վկայութիւնները միաձայն են՝ արհեստագիտական հմտութիւններէն անդին, անոնք կը վերադառնան իրենց ընկերային պատասխանատուութեան կարեւորութեան գիտակցութեամբ եւ գործելու կարողութեան ինքնավստահութեամբ, թէկուզ փոքր չափով, «հարցերը փորձել փոխելու համար»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment