Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Թրամփի Ուղի» Նախագիծի Ծիրին Մէջ Հայ-Ամերիկեան Ընկերութիւնը Ոչ Թէ Պիտի Վերահսկէ, Այլ Պիտի Կառավարէ Ճանապարհը

«Թրամփի Ուղի» Նախագիծի Ծիրին Մէջ Հայ-Ամերիկեան Ընկերութիւնը Ոչ Թէ Պիտի Վերահսկէ, Այլ Պիտի Կառավարէ Ճանապարհը

by MassisPost

«Թրամփի ուղի» նախագիծի շրջանակներուն մէջ ձեւաւորուելիք հայ-ամերիկեան ընկերութիւնը ոչ թէ պիտի վերահսկէ ճանապարհը, այլ առեւտրային կառավարում պիտի իրականացնէ: Լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին վստահեցոցւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Մենք երբեք չենք ասել, որ պատրաստւում ենք խոչընդոտ յարուցել Ատրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ հաղորդակցութեան համար: Ուաշինկթընի հռչակագրում նշուած սկզբունքների շրջանակում ընդգծուած է Ատրպէյճանի՝ կապ ունենալու առաւելութիւնը, եւ ընդգծուած է Հայաստանի Հանրապետութեան համար՝ ներքին եւ միջազգային, այսինքն՝ դէպի երրրորդ երկիր՝ փոխադարձ առաւելութիւններով»,- ըսաւ Փաշինեան:

Երեւանն ու Պաքուն դեռ չեն յստակացուցած, թէ ինչ կարգով տեղի պիտի ունենայ երկու երկիրներու քաղաքացիներու եւ բեռներու անցումը Ատրպէյճանի ու Հայաստանի տարածքով, կառավարութեան նիստէն յետոյ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Ան, սակայն, յայտնեց որ ատրպէյճանական կողմին հետ քննարկումներու ընթացքին տարբեր գաղափարներ ու առաջարկներ հնչած են:

Փաշինեան ներկայացուց անցման քննարկուող տարբերակներէն մէկը. «Նրանք, ովքեր կենսաչափական անցագրերով ճամբորդում են, նրանք գիտեն, որ կենսաչափական անցագրերով ճամփորդելու դէպքում շատ երկրներում այեւս ընդամէնը կենսաչափական անցագիրը մօտեցնում են համապատասխան տեղում, ինքնաշխատ եղանակով ստուգումը եւ անցագրային հսկողութիւնը տեղի է ունենում, եւ մարդիկ շարունակում են իրենց ճանապարհը»:

Վարչապետը կը պնդէ, որ ե՛ւ Սիւնիքով դէպի Նախիջեւան տանող ու «Թրամփի ուղի» անունը ստացած ճանապարհին, ե՛ւ Ատրպէյճանի տարածքին՝ փոխադրումները փոխադարձութեան սկզբունքով պիտի իրականացուին։ Փաշինեան դարձեալ շեշտեց, որ, անկախ բանակցութիւններէն, մաքսային պարզեցումները չեն կրնար դուրս ըլլալ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, իրաւազօրութեան, սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքներէն ու փոխադարձութենէն։

«Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով Ատրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ անխոչընդոտ կապ՝ Հայաստանի տարածքով, Հայաստանի համար ներպետական, այսինքն՝ Հայաստանից Հայաստան՝ Ատրպէյճանի տարածքով, եւ միջազգային, այսինքն՝ Հայաստանից դէպի երրորդ երկրներ՝ Ատրպէյճանի տարածքով, փոխադարձ, այսինքն՝ ինչպէս Հայաստանն է տրամադրում, այնպէս էլ Ատրպէյճանն է տրամադրում … Փոխադարձ բառը անխոչընդոտն էլ է ներառում, ամէն ինչն էլ … Փոխադարձ առաւելութիւններով, այսինքն, եթէ ինչպէս Դուք էք ասում, չշօշափուելը առաւելութիւն է, ուրեմն, փաստաթղթի համաձայն, այդ նոյն առաւելութիւնը պէտք է ունենայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այս ամէն ինչը գրուած է»,- մանրամասնեց վարչապետը՝ արձագանգելով «Ազատութեան» հարցումներուն:

Վարչապետը յայտնեց, որ եթէ Սահմանադրական դատարանը Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը Սահմանադրութեան հակասող ճանչնայ, պիտի նախաձեռնէ սահմանադրական փոփոխութիւններ:

Հարցումին՝ «եթէ ժողովուրդը դէմ քուէարկէ սահմանադրական փոփոխութիւններուն, այդ պիտի անդրադառնա՞յ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման վրայ», Փաշինեան պատասխանեց. «Ես չեմ կարծում, թէ ժողովուրդը դէմ կը քուէարկի այն պարագայում, եթէ յանկարծ պարզուի, որ դա որեւէ ազդեցութիւն կարող է ունենալ խաղաղութեան գործընթացի վրայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment