Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը տարեկան կ’ունենայ մինչեւ 100 հազար այցելու։ «Արմէնփրես»-ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամի տնօրէն Էդիտա Գզոյեան հպարտութեամբ նշեց, որ իրենց թանգարանը Հայաստանի 3 ամենաշատ այցելութիւն ունեցող թանգարաններէն է։
«Մեր թանգարան այցելութիւնների աշխարհագրութիւնը բաւական ընդգրկուն է ու պէտք է ասեմ, որ վերջին շրջանում կառուցուածքում որոշակի փոփոխութիւններ են նկատւում։ Եթէ տարիներ առաջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան աւելի շատ գալիս էին Ռուսաստանից, եւրոպական տարբեր երկրներից, ապա այժմ նկատում ենք, որ գնալով աճում է Չինաստանից, Հարաւային Քորէայից, Ֆիլիփիններից եկող զբօսաշրջիկների թիւը»,- ըսաւ Էդիտա Գզոյեան։
Թանգարան այցելող զբօսաշրջիկներուն համար աւելի լաւ պայմաններ ստեղծելու, օտար լեզուներով իրազեկում իրականացնելու համար կ’ընդլայնուի ձայնային ուղեկցութեան ծառայութիւնը։ Նախորդ տարուընէ թանգարանին մէջ ձայնային ուղեկցութեան ծառայութեան մէջ ներառուած էին անգլերէնը, ֆրանսերէնը, ռուսերէնը։ Բրիւսովի անուան պետական համալսարանին հետ համագործակցութեամբ նիւթերը թարգմանուած են չինարէն, քորէերէն եւ շատ շուտով այդ երկու լեզուներով եւս պիտի ըլլան ձայնային ուղեկցութեան ծառայութիւններ։ Յառաջիկային համար կը ծրագրուի ներառել գերմաներէնը, արաբերէնը, իտալերէնը։
Էդիտա Գզոյեան տեղեկացուց, որ այցելուներու շարքին կան նաեւ թուրքեր։ Անոնց թիւը ամէն տարի քանի մը հարիւր կ’ըլլայ։ Նախորդ տարի թանգարան այցելած է 300 թուրք զբօսաշրջիկ։

