Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՊՆ-ն Աւելի Քան 300 Միլիոն Տոլարի Պատուէր Տուած Է Ռազմարդիւնաբերական Համալիրին Մէջ Ներգրաւուած 25 Ընկերութեան․ Հայրապետեան

ՊՆ-ն Աւելի Քան 300 Միլիոն Տոլարի Պատուէր Տուած Է Ռազմարդիւնաբերական Համալիրին Մէջ Ներգրաւուած 25 Ընկերութեան․ Հայրապետեան

by MassisPost

Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանը տեղեկացուցած է, որ իրականացուած են քանի մը զինատեսակի եւ կառավարման համակարգերու վերաբերեալ փորձարկումներ, որոնք մօտ ապագային հնարաւորութիւն պիտի ունենան կիրառուելու Զինուած Ուժերուն մէջ։

Անոր խօսքով` ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ գործող բոլոր ընկերութիւններուն հետ հանդիպումներուն վեր հանած են մարտահրաւէրներն ու խնդիրները։ Ըստ անոր, արձանագրուած է ռազմաարդիւնաբերութեամբ զբաղող քանի մը նոր ընկերութիւն. «Մշակուել է ռազմարդիւնաբերական համալիրի տարրերի արտադրական հզօրութիւնների զարգացման հիմնադրամի հայեցակարգը, որը հնարաւորութիւն է տալու մեծ արդիւնաւէտութեամբ զարգացնել ռազմարդյունաբերութեան ոլորտը»,- ըսած է ան։

Նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ ռազմարդիւնաբերողները այս պահին 122 միլիառ դրամի պատուէր ստացած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն. «Գործող 25 կազմակերպութիւն պատուէր ունի ՊՆ-ից։ Մենք ակնկալում ենք, որ տարուայ ընթացքում այն կը հասնի 29-ի։ Այս պահին ունենք կնքուած 46 եռամեայ պայմանագիր։ ՊՆ-ն այս պահին 122 միլիառ դրամի պատուէր է տուել կազմակերպութիւններին, ակնկալում ենք, որ տարուայ կտրուածքով պատուէրների ընդհանուր գումարը կը կազմի 191 միլիառ դրամ»,- ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment