Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատարանին Վճիռով Մայրապետեանէն Եւ Ընկերութեան Տնօրէնէն Յօգուտ Հայաստանի Պիտի Բռնագանձուի Աւելի Քան 4 Միլիառ Դրամ

Դատարանին Վճիռով Մայրապետեանէն Եւ Ընկերութեան Տնօրէնէն Յօգուտ Հայաստանի Պիտի Բռնագանձուի Աւելի Քան 4 Միլիառ Դրամ

by MassisPost

Հակափտածութեան դատարանի դատաւոր Կարապետ Բադալեանի կայացուցած վճիռի հիման վրայ գործարար Սամուէլ Մայրապետեանէն եւ «Գլոբուս» սահմնափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութեան տնօրէն Գագիկ Յակոբջանեանէն յօգուտ Հայաստանի պիտի բռնագանձուի աւելի քան 4 միլիառ դրամ։

Գլխաւոր Դատախազութիւնը 2022 թուականին դատարան դիմած եւ խնդրած էր որպէս պետութեան պատճառուած վնասի հատուցում բռնագանձել աւելի քան 5 միլիառ դրամ։ Ըստ Դատախազութեան՝ Մայրապետեանի կազմակերպմամբ Յակոբջանյեանը «գլոբուս» ՍՊ ընկերութեան փաստացի եկամուտը չի ներառել հարկային մարմնին ներկայացուած հաշվարկներում՝ այդ կերպ պետական բյուջէ չի վճարուել խոշոր չափերով գումար։

Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի մտերիմ Սամուէլ Մայրապետեանի եւ Գագիկ Յակոբջանեանի ոչ-օրինաչափ վարքագիծի արդիւնքով «Գլոբուս» ընկերութեան կողմէ օտարուած Տէրեան 66 հասցէի 141 անշարժ գոյքերու առուվաճառքի պայմանագրերուն մէջ որպէս գործարքի արժէք նշուած է գործարքի իրական արժէքէն անհամեմատ ցած գին՝ փաստացի իրական եկամուտը հարկային մարմինին ներկայացուած հաշուարկներուն մէջ չներառելու, այդ կերպ պետութեան հանդէպ իրական հարկային պարտաւորութիւնը կատարելէ խուսափելու նպատակով: Ասպիսով պետական պիւտճէ ԱԱՀ-ի մասով 2006 թուականին պակաս վճարուած է 2 միլիառ 843 միլիոն 955 հազար 430 դրամ, իսկ շահութահարկի մասով՝ 2 միլիառ 834 միլիոն 808 հազար 830 դրամ:

Սամուէլ Մայրապետեանը իր փաստաբանական խումբին միջոցով յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Այս ոչ-իրաւաչափ վճռով ոչ մի գումար էլ չի կարող փոխհատուցուել պետական պիւտճէ, քանի որ իրաւաբանութեան հետ կապ չունեցող այս գործընթացը սկզբից մինչեւ վերջ, հակաիրաւական է, հետեւաբար այն անպայմանօրէն բողոքարկուելու է բոլոր հնարաւոր՝ թէ՛ ներպետական եւ թէ՛ միջազգային ատեաններում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment