Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ Եւ ԱՄՆ կը Վերահաստատեն Իրենց Աջակցութիւնը Հայաստանի Ինքնիշխանութեան, Ժողովրդավարութեան, Տարածքային Ամբողջականութեան եւ Ընկերա-Տնտեսական Դիմակայունութեան

ԵՄ Եւ ԱՄՆ կը Վերահաստատեն Իրենց Աջակցութիւնը Հայաստանի Ինքնիշխանութեան, Ժողովրդավարութեան, Տարածքային Ամբողջականութեան եւ Ընկերա-Տնտեսական Դիմակայունութեան

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ ի աջակցութիւն Հայաստանի դիմակայունութեան, Հայաստան-ԵՄ-ԱՄՆ բարձր մակարդակի համատեղ հանդիպման վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայենը, Եւրոպական Յանձնաժողովի փոխնախագահ, ԵՄ ԱԳԱՔ բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը, ԱՄՆ ՄԶԳ ղեկավար Սամանթա Փաուըրը 2024 թուականի Ապրիլ 5-ին, հանդիպած են Պրիւքսէլի մէջ՝ վերահաստատելու աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ ընկերա-տնտեսական դիմակայունութեան։

Այս առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ըսուած է.
Եւրոմիութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կը սատարեն Հայաստանի եւ տարածաշրջանի համար կայուն, խաղաղ, անվտանգ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագային։ Այս ծիրին մէջ մենք նպատակ ունինք ընդլայնել համագործակցութիւնը՝ միտուած Հայաստանի դիմակայունութեան ամրապնդման՝ ներառեալ այնպիսի առանցքային ոլորտները, ինչպիսիք են` քաղաքական բարեփոխումները, տնտեսական զարգացումը եւ մարդասիրական աջակցութիւնը։ Մենք կը ձգտինք ընդլայնելու մեր գործընկերութիւնները, օրինակ՝ շարժունակութեան, կառավարման, օրէնքի կիրարկման, առեւտուրի, կապի, գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի եւ արհեստագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ: Այս առանցքային ոլորտներուն աջակցելու նպատակով Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները կը նախատեեն աւելի ամուր համագործակցութիւն Հայաստանի հետ։

Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները բարձր գնահատած են 2018 թուականէն ի վեր ժողովրդավարութեան եւ արդարադատութեան ոլորտներուն մէջ բարեփոխումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարին մէջ Հայաստանի արձանագրած էական յառաջընթացը, եւ յանձնառութիւն յայտնած են շարունակել գործընկերութիւնը եւ աջակցիլ Հայաստանին՝ հաշուի առնելով, որ այն կը շարունակէ ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը մեր ընդհանուր արժէքներուն եւ սկզբունքներուն համահունչ:

ԵՄ-ն պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին իր բարեփոխումներու ճանապարհին` Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի (ՀԸԳՀ) իրականացման միջոցով: Բարեփոխումները խթանելու եւ բոլոր ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու նպատակով ԵՄ եւ Հայաստանը պիտի ապահովեն յառաջընթաց Հայաստան-ԵՄ Գործընկերութեան նոր օրակարգի շուրջ: Միացեալ Նահանգները յանձնառու է օգնել Հայաստանին եւ վարչապետ Փաշինեանին՝ իրականացնելու նախանշուած բարեփոխումները։ Պայտընի վարչակազմը Գոնկրէսին հետ կը նախատեսէ 2023 ֆինանսական տարուան մէջ շուրջ 65 միլիոն տոլարի զարգացման աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանին։ Եւրոմիութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները ողջունած են արտաքին աշխարհին հետ կապը բարելաւելու Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ ներառեալ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը, որ պիտի խթանէ ընդհանուր բարգաւաճումը եւ տարածաշրջանային տնտեսական եւ առեւտուրի բացմացանեցումը:

ԵՄ եւ ԱՄՆ մտադիր են լրացուցիչ օգնութիւն ցուցաբերել՝ օգնելու Հայաստանին մեղմելու վտանգերը, բազմազանեցնելու առեւտուրը եւ ամրապնդելու տնտեսական եւ հաստատութենական դիմակայունութիւնը։ Հայաստան-ԵՄ Գործընկերութեան նոր օրակարգը ամրապնդելու նպատակով ԵՄ հանդէս պիտի գայ «2024-2027 թուականներուն համար Հայաստանի դիմակայունութեան եւ աճի»՝ 270 միլիոն եւրոյի ծրագրով: «Հայաստանի դիմակայունութեան եւ աճի» ԵՄ ծրագիրը նպատակաուղղուած պիտի ըլլայ Հայաստանի ընկերա-տնտեսական դիմակայունութեան ամրապնդման` միաժամանակ աջակցելով առեւտուրի բազմազանեցման: Այն նաեւ աջակցութիւն պիտի տրամադրէ տեղահանուածներու երկարաժամկէտ կարիքները հոգալուն: Այն պիտի ամրապնդէ ոլորտային համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ՝ միաժամանակ աւելցնելով աջակցութիւնը կարգաւորումներու ներդաշնակեցման՝ միտուած ՀԸԳՀ-ի ամբողջ ներուժի իրացման: ԵՄ պիտի շարունակէ աջակցիլ առանցքային ոլորտներուն՝ առեւտուրի բազմազանեցումէն, ենթակառուցուածքներու զարգացումէն, ուժանիւթէն մինչեւ օդայինն փոխադրութեան անվտանգութիւն:

Նախագահ Ֆոն տեր Լայեն անդրադարձած է նաեւ 2021 թուականին մեկնարկած Տնտեսական եւ ներդրումային ծրագրի առաւելութիւններուն, որ Հայաստանի մէջ դրամաշնորհներու, մասնաւոր եւ հանրային ներդրումներու միջոցով արդէն յատկացուցած է աւելի քան 550 միլիոն եւրոյի ներդրումներ։ Տնտեսական եւ ներդրումային ծրագրին համահունչ՝ «Դիմակայունութեան եւ աճի» ԵՄ ծրագիրը պիտի աւելցնէ աջակցութիւնը ռազմավարական ներդրումներուն, մասնաւորապէս կապուղիներու ենթակառուցուածքներուն, թուային եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ներդրումներ պիտի կատարէ առեւտուրի զարգացման մէջ՝ նպաստելու աշխատատեղերու ստեղծման ու տնտեսական աճին: Տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրը ունի խաղաղութեան միջոցով տնտեսական առաւելութիւններ ապահովելու ներուժ՝ ներառեալ տարածաշրջանային կապակցուածութեան հարցը, եթէ եւ երբ թոյլ տան պայմանները: ԵՄ նաեւ պիտի դիտարկէ շարժունակութեան աջակցելու ուղիները: Միացեալ Նահանգները կ’աշխատի Հայաստանի հետ  քանի մը ոլորտներու մէջ՝ խթանելու տնտեսական աճն ու բարեփոխումները, առեւտուրի բազմազանեցումը եւ դիմակայունութիւնը:

Միացեալ Նահանգները պիտի համագործակցի Հայաստանի հետ՝ ԱՄՆ-ի յաւելեալ ներդրումներ ներգրաւելու, արհեստագիտութիւններու առեւտուրի հնարաւորութիւններու բարենպաստ դարձնելուն, կիպերանվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան աւելացման եւ արհեստագիտական ենթակառուցուածքներու ընդլայնման ուղղութեամբ։ Միացեալ Նահանգները յանձնառու է Հայաստանի անվտանգ, յուսալի եւ ապահով ուժանիւթային ապագային եւ աշխատանքներ կը տանի աջակցելու ուժանիւթի աբզամազանեցման եւ ուսումնասիրելու խաղաղ նպատակներով օգտագործուող միջուկային ուժանիւթի նոր տարբերակներու իրագործելիութեան, որոնց համար հիւլէական անվտանգութիւնը եւ չտարածման ամենաբարձր չափանիշները առաջնահերթություն են: Միացեալ Նահանգները յանձնառու է Հայաստանի պարէնային անվտանգութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սահմաններով գիւղատնտեսական մթերքներու հոսքը հեշտացնելուն։ Հաշուի առնելով շարունակական մարտահրաւէրները, որոնց կը բախի Հայաստանը աւելի քան 100.000 տեղահանուած անձերոււ եւ փախստականներուն աջակցելու եւ ընկերային գետնի վրայ ներառելու առումով՝ Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները մտադիր են շարունակել աջակցիլ Հայաստանի ջանքերուն՝ ուղղուած կարիք ունեցողներուն բնակարանային, վերապատրաստման, աշխատանքային հնարաւորութիւններ եւ հոգեբանա-ընկերային աջակցութիւն տրամադրելուն, եւ ապահովել տեղահանուածներու արժանապատիւ կենսապայմանները։

Սկսեալ 2023 թուականի Սեպտեմբերէն, ԵՄ-ն արագօրէն յատկացուգած է 18 միլիոն եւրօ մարդասիրական եւ 15 միլիոն եւրօ պիւտճէական աջակցութիւն՝ փախստականներուն հրատապ եւ ընկերա-տնտեսական կարիքներուն արձագանգելու համար: Այսպիսով, տուժած բնակչութեան 2020 թուականէն ի վեր մարդասիրական օգնութեան ընդհանուր յատկացումը կը կազմէ 38,4 միլիոն եւրօ: ԵՄ կանգնած է Հայաստանի կողքին փախստականներու երկարաժամկէտ կարիքները հասցէագրելու եւ աջակցելու հարցով: ԵՄ-ի «Դիմակայունութեան եւ աճի» ծրագիրը պիտի ներառէ նաեւ տեղահանուած մարդոց երկարաժամկէտ տնտեսական եւ ընկերային ներառման ուղղուած պիւտճէական աջակցութիւն։ Նոյն կերպ, սկսեալ 2023 թուականի Սեպտեմբերէն, Միացեալ Նահանգները յայտարարած է տեղահանուածներուն եւ փախստականներուն աւելի քան 7 միլիոն տոլարի մարդասիրական աջակցութեան մասին: Այս ֆինանսաւորմամբ 2020 թուականի Սեպտեմբերէն ի վեր ԱՄՆ-ի մարդասիրական օգնութեան ընդհանուր ծաւալը կը հասնի մօտ 31 միլիոն տոլարի: ԱՄՆ-ի օգնութեան շրջանակներուն մէջ տրամադրուած է կենսական նշանակութեան պարէնային օգնութիւն, մարդասիրական պաշտպանութիւն եւ ժամանակաւոր ապաստան եւ այն պիտի շարունակէ արձագանգել տեղահանուածներու եւ փախստականներու կարիքներուն:

Միացեալ Նահանգները պիտի աջակցի Հայաստանի ջանքերուն՝ նուազագոյնի հասցնելու հանրային ծառայութիւններուն եւ ենթակառուցուածքներուն վրայ ճնշումը եւ պիտի նպաստէ ընկերային համախմբուածութեան ու տնտեսական զարգացման։

Բարգաւաճ, ինքնիշխան եւ ժողովրդավարական Հայաստանը, որ կը զարգացնէ իր սեփական գործընկերային յարաբերութիւնները եւ ազատօրէն կ’որոշէ իր ուղին, պիտի նպաստէ տարածաշրջանային կայունութեան եւ բարգաւաճման:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment