Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եթէ Մեր Զէնքերը Չունենային Ռազմական Նշանակութիւն, Ատրպէյճանը Անոնց Մասին Խօսելով Դժգոհութիւն Չէր Յայտներ․ Տըքոթինյի

Եթէ Մեր Զէնքերը Չունենային Ռազմական Նշանակութիւն, Ատրպէյճանը Անոնց Մասին Խօսելով Դժգոհութիւն Չէր Յայտներ․ Տըքոթինյի

by MassisPost

Ֆրանսան ՆԱԹՕ-ի առաջին երկիրն է, որ կը կոտրէ թապուն՝ մատակարարելով սարքաւորումներ ՀԱՊԿ անդամ երկիր՝ Հայաստանին։

Այս մասին Պետրոս Ղազարեանի հետ «Հարցազրոյց»-ին ըսաւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին։

Ըստ դեսպանին, Ֆրանսան պաշտպանութեան ոլորտին մէջ կ’աջակցի Հայաստանին, որպէսզի երկիրը կարենայ պաշտպանել իր ժողովուրդը, ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը՝ առանց սպասելու։ Եւ այդ կ’ընէ առանց սպասելու, որ ինչ-որ բան տեղի ունենայ։

Պետրոս Ղազարեանի դիտարկման, թէ կը քննադատուի Ֆրանսայի կողմէ ՀՀ-ին վաճառուած զէնքի որակը, քանի որ, ըստ այդ բարձրաձայնումներուն, անոնք իսկական մարտական նշանակութիւն չունին։

«Եթէ այդ զէնքերը չունենային ռազմական նշանակութիւն, Ատրպէյճանը ամէն անգամ անոնց մասին խօսելով դժգոհութիւն չէր յայտներ։ Զէնքերը ունին շատ պարզ՝ պաշտպանական նշանակութիւն։ Ես կը կարծեմ ֆրանսական սարքաւորումները իրենց արդարացուցած են մեր բանակին մէջ եւ աշխարհին մէջ մեր գնորդ երկիրներու բանակներուն մէջ։ Եւ այդ այլեւս ապացուցելու կարիք չկայ», ըսաւ դեսպանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment