Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Կը Թեքի Դէպի Արեւմուտք, Եւ Ժամանակն Է, Որ Եւրոպան Դուրս Գայ Չէզոք Դիրքէն․ ՆԱԹՕ-ի Նախկին Գլխաւոր Քարտուղար

Հայաստանը Կը Թեքի Դէպի Արեւմուտք, Եւ Ժամանակն Է, Որ Եւրոպան Դուրս Գայ Չէզոք Դիրքէն․ ՆԱԹՕ-ի Նախկին Գլխաւոր Քարտուղար

by MassisPost

«Մինչ բոլոր հայեացքները կեդրոնացած են Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի անօրինական պատերազմին վրայ, մէկ այլ մեծ աշխարհաքաղաքական տեղաշարժ տեղի կ’ունենայ Եւրոպայի մէջ, այս անգամ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ»:

Այս մասին նշած է ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն «Le Monde»-ի համար գրուած յօդուածին մէջ, որուն մէջ ան Պրիւքսէլին կոչ ըրած է դուրս գալու չէզոքութեան պահպանման քաղաքականութենէն դէպի Արեւմուտքի գիծը նախընտրած Հայաստանի եւ ռուսական ազդեցութեան տակ գտնուող նախայարձակ մենատէրներու ճամբարին մէջ ինքնահաստատուող Ատրպէյճանի միջեւ:

«Չնայած Ռուսաստանէն պատմական, տնտեսական, ուժանիւթային եւ ռազմական կախուածութեան եւ իր հողին վրայ հազարաւոր ռուսական զօրքերու ֆիզիքական ներկայութեան՝ Հայաստանի կառավարութիւնը համարձակ ջանքեր գործադրած է՝ ամրապնդելու Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը եւ աւելի սերտ յարաբերութիւններ կառուցելու ժողովրդավարական Արեւմուտքի հետ:

Այս վերակողմնորոշումը ժամանակ կը պահանջէ, բայց Եւրոպական Միութիւնէն ալ կը պահանջէ աւելի յաւակնոտ ռազմավարութիւն որդեգրել Հայաստանի ժողովրդավարութեան նկատմամբ: Պէտք է սկսիլ անկէ, որ վերջ դրուի այն մտքին, թէ Եւրոմիութիւնը պէտք է չէզոք դերակատար ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Եւրոպան պէտք է միջնորդի դեր ստանձնէ կայուն խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ, բայց անոր մօտեցումը պէտք է արտացոլէ այն իրականութիւնը, որ Հայաստանը ընտրած է եւրոպական ժողովրդավարական երկիրներու համայնքը, մինչդեռ Ատրպէյճանը նստած է նախայարձակ մենատէրներու ճամբարին մէջ», գրած է նախին գլխաւոր քարտուղարը։

Քաղաքական գործիչը նշած է, որ ԵՄ-ի յստակութեան բացակայութիւնը կրնայ վտանգել Հայաստանի երիտասարդ ժողովրդավարութիւնը եւ անոր աշխարհաքաղաքական առանցքը:

Ըստ անոր՝ այս նոր մօտեցումը պէտք է սկսի Ապրիլ 5-ին Պրիքւսէլի մէջ կայանալիք եռակողմ գագաթաժողովէն, ուր Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը:

Ռասմուսենը յաւելած է, որ Հայաստանը արդէն սառեցուցած է յարաբերությունները ՀԱՊԿ-ի հետ, զօրավարժութիւններ կազմակերպած է Միացեալ Նահանգներու հետ եւ կը ձգտի ընդլայնելու իր տնտեսական կապերը ժողովրդավարական տնտեսութիւններուն հետ։

«Այնուամենայնիւ, 2023 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումէն յետոյ, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ Հայաստանի ներսը ռազմավարական բարձունքներու շարունակական բռնագրաւումէն յետոյ, Հայաստանի մէջ անվտանգային իրավիճակը փխրուն է», եզրափակած է գործիչը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment