Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Պատասխանատուութեան Գօտին «Երկկողմանի Կարգաւորուած» Պետական Սահմաններուն Մէջ Է. ՀԱՊԿ

Հայաստանի Մէջ Պատասխանատուութեան Գօտին «Երկկողմանի Կարգաւորուած» Պետական Սահմաններուն Մէջ Է. ՀԱՊԿ

by MassisPost

ՀԱՊԿ-ը Հայաստանի մէջ իր պատասխանատուութեան ոլորտը կը համարէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը՝ կարգաւորուած պետական սահմաններուն մէջ։

Այդպէս կառոյցը արձագանգած է Հայաստանի մէջ պատասխանատուութեան գօտին ճշդելու մասին պաշտօնական Երեւանի պահանջին։

«Պատասխանատուութեան գօտիի մասին ձեւակերպումը բաւականին բարդ է, եւ այն աւելի շատ նպատակ ունի հանրապետութեան մէջ ուշադրութիւն հրաւիրել տիրող իրավիճակին վրայ, քան ստանալ առարկայական պատասխան։ Քանի որ համաձայն 2010 թուականի փոխգործակցութեան սկզբունքներու մասին համաձայնագրի, որ ստորագրուած է ՀԱՊԿ-ի կողմէ, պատասխանատուութեան տարածքը անդամ երկիրներու ինքնիշխան տարածքն է», նշած է ՀԱՊԿ-ը:

ՀԱՊԿ-ի մէջ նշած են, որ «ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան տարածքը կ’աւարտի այնտեղ, ուր կ’անցնի պետական սահմանը, որ երկկողմանի հիմունքներով կը կարգաւորուի Հայաստանի եւ անոր հարեւաններուն միջեւ»:

Մարտ 12-ին ՀՀ կառավարութեան մէջ հրաւիրուած ասուլիսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ Երեւանը դուրս պիտի գայ ՀԱՊԿ-էն, եթէ կազմակերպութիւնը չպատասխանէ «այն հարցին, թէ որ՞ն է ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան ոլորտը Հայաստանի մէջ»։

Ըստ Փաշինեանի, կազմակերպութիւնը եւ Ռուսաստանը յստակ դիրքորոշում յայտնած են, առ այն, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը կարմիր գիծ է Մոսկուայի եւ կազմակերպութեան համար։

«Աակայն, 2021 թուականի Մայիսին Ատրպէյճանի ներխուժման ժամանակ Հայաստանն արձանագրեց, որ կարմիր գիծը հատուել է, եւ ՀԱՊԿ-ը չի արել այն քայլերը, որոնք նշուած են կանոնադրութեամբ», ըսած է ՀՀ վարչապետը՝ նշելով, որ անկէ յետոյ եղած են Ատրպէյճանի ներխուժումները 2021 թուականի Նոյեմբերին եւ 2022 թուականի Սեպտեմբերին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment