Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գնահատանքի Ճաշկերլոյթ Ի Պատիւ Փանոս Թիթիզեանի

Գնահատանքի Ճաշկերլոյթ Ի Պատիւ Փանոս Թիթիզեանի

by MassisPost

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Մարտի 22-ին, 2024, գնահատանքի արժանավայել ճաշկերոյթով մը Կլենտէյլի Հիլթոն պանդոկի մէջ, նշուեցաւ Տիար Փանոս Թիթիզեանի  ազգանուէր երկարամեայ ծառայութիւնը: Սոյն միջոցառումին անձամբ ներկայ էին  ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան շրջանաւարտ նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեան եւ յաջորդ նախագահ` ՍԷմ Սիմոնեան: Ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Գերշ. Դոկտ. Վիգէն Արք. Այգազեան, Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան, ինչպէս նաեւ քոյր կազմակերպութեանց եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ընտանիքի անդամներ եւ հիւրեր:

Օրուան հանդիսավար ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Երուանդ Տէմիրճեան, իր բարի գալուստի եւ մեծարեալ Տիար Փանոս Թիթիզեանի ուղղուած ջերմ խօսքերով ընթացք տրուեցաւ խնամեալ յայտագրին: Սրտի ջերմ խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Գերշ. Տ. Յովնան Սրբազան եւ բարձր գնահատեց յօբելիար Փանոս Թիթիզեանի երկնատուր առաքինութիւնները: Այնուհետեւ Փանոս Թիթիզեանի արժանիքներու մասին հիացումով արտայայտուեցաւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ` Տիար Պերճ Սեդրակեան եւ ընգծեց որ յօբելեարը` տարիներ շարունակ, եղած է ազգային եւ միութենական հարցերու իր  բանիմաց խորհրդականը:

Ճաշի սպասարկութենէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի (պարախումբ), Միշէլ Գոզման (ասմունք) Heritage Quartet (Քառեակ-նուագ):

Սրտաբուխ խօսքերով եւ գնահատանքի բարձր արտայայտութիւններով հանդէս եկան Գերշ. Դոկտ. Վիգէն Արք. Այգազեան, իրաւաբան Կարօ Ղազարեան եւ Արթուն Համալեան, որոնք դրուատանքով արտայայտուեցան յօբելեար Տիար Փանոս Թիթիզեանի առաքինութիւններուն, հանրանուէր եւ ազգօգուտ ծառայութիւններուն եւ օգտաշատ նախաձեռնութիւններուն մասին: Արդարեւ, յօբելեարը մեծ նախաձախնդրութեամբ եւ հետեւողական յամառ աշխատանքով, ազգային միասնականութեան պահպանման ջատագով եղած է:

Տիար Հրաչ Սեփեթճեան հանգամանօրէն ներկայացուց Փանոս Թիթիզեանի նոր հրատարակած գիրքը` «Պատկերին Միւս Երեսըՙ որ իր մէջ կը պարբակէ յուշագրութիւն, ազգային, քաղաքական, հասարակական գործունէութեան նուիրուած կեանքը: Ան գնահատեց եւ արժեւորեց ճոխ բովանդակութիւնը, միաժամանակ նշեց որոշ տպագրական սխալներ:

98 ամեայ յօբելեար` Տիար Փանոս Թիթիզեան սայլակով բեմ յառաջացաւ եւ յոտնկայս ծափահարութիւններով ողջունուեցաւ ներկաներուն կողմէ: Ան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան եւ սոյն երեկոյի կազմակերպիչներուն ու մասնակիցներուն: Երիտասարդական աւիւնով` արտայայտուելով հայութեան ապագայի մասին իր լաւատեսութիւնը յայտնեց« յատկապէս արհետագիտաութեան (թէքնոլոժի) մարզին մէջ յառաջընթացի մասին, ապա յարեց «հայ ժողովուրդ քու փրկութիւնդ քու հաւաքական ոյժիդ մէջ է»:

Սոյն յիշարժան երեկոն իր աւարտին հասաւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեաանի խրախուսիչ խօսքերով ու փակման աղօթքով:

Ներկաները սրահէն բաժնուեցան վեթերան ազգային մը պատուած ըլլալու գոհունակութեամբ:

«Պատիւս արժանաւորաց»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment