Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանի Կառավարութիւնը Համարձակ Որոշում Կայացուցած է՝ Շարժիլ Դէպի Արեւմուտք. Ռասմուսեն

Փաշինեանի Կառավարութիւնը Համարձակ Որոշում Կայացուցած է՝ Շարժիլ Դէպի Արեւմուտք. Ռասմուսեն

by MassisPost

Դանիոյ նախկին վարչապետ եւ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն համոզուած է, որ Հայաստանը ժողովրդավարութիւն է անհաւանական բարդ աշխարհաքաղաքական հարեւանութեամբ, եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը համարձակ որոշում կայացուցած է՝ փորձելով բազմազանեցնել ՀՀ արտաքին քաղաքականութիւնը եւ շարժիլ դէպի Արեւմուտք։

Այս մասին Ռասմուսէն ըսած է իր կողմէ ղեկավարած «Հայաստանի բարեկամներ ցանց» բարձր մակարդակի խումբի զեկոյցի հրապարակումէն յետոյ։

«Աշխարհի ժողովրդավարական երկիրները եւ յատկապէս Եւրոմիութիւնը պէտք է գործեն՝ աջակցելու Հայաստանին այս առանցքին մէջ», ընդգծած է ան։

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն՝  ան նշած է․
«Այս աջակցութիւնը աւելի կարեւոր դարձած է 2023 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի յարձակումէն եւ ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ բխող շարունակական սպառնալիքէն յետոյ։

Ռուսաստանի անօրինական ներխուժումը Ուքրանիա ցոյց տուաւ, որ Եւրոմիութիւնը պէտք է շատ աւելին ընէ իր անմիջական հարեւանութեամբ գտնուող ժողովրդավարութիւնները պաշտպանելու համար», ըսած է ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղարը:
Ռասմուսեն համոզմունք յայտնած է, որ Եւրոպան հնարաւորութիւն ունի աջակցելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն ժողովրդավարութեան եւ կայուն խաղաղութեան։«Այսօրուայ զեկոյցը կ’ուրուագծէ այն շօշափելի քայլերը, որոնք կրնան եւ պէտք է ձեռնարկուին՝ ի վերջոյ յանգեցնելով Հայաստանի անդամակցութեան Եւրաոմիութեան», եզրափակած է Ռասմուսեն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment