Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Արժանթինի Արտաքին Գործերու Նախարարները Քննարկած Են Տարածաշրջանային Անվտանգութեան Վերաբերող Հարցեր

Հայաստանի Եւ Արժանթինի Արտաքին Գործերու Նախարարները Քննարկած Են Տարածաշրջանային Անվտանգութեան Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Մարտ 25-ին պաշտօնական այցով Պուենոս Այրես գտնուող ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Արժանթինի Հանրապետութեան արտաքին յարաբերութիւններու, միջազգային առեւտուրի եւ պաշտամունքի նախարար Տիանայ Մոնտինոյի հետ:

Երկուստեք գոհունակութեամբ ընդգծուած է երկու երկիրներուն միջեւ առկայ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը՝ հիմնուած Հայաստանի եւ Արժանթինի ժողովուրդներուն միջեւ երկարամեայ բարեկամական կապերուն վրայ։ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը ընդգծած է Հարաւային Ամերիկայի մէջ Արժանթինի դերը որպէս ՀՀ կարեւոր գործընկեր՝ նշելով, որ անոր պարզ վկայութիւնն են նաեւ բարձրաստիճան փոխայցելութիւնները։

Հանդիպման ընթացքին երկուստեք պատրաստակամութիւն արտայայտուած է ուսումնասիրել նոր հնարաւորութիւնները եւ խորացնել փոխգործակցութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող, այդ շարքին՝ առեւտրատնտեսական, բարձր արհեստագիտութիւններու, կրթական, ուժանիւթային ոլորտներուն մէջ։ Գոհունակութեամբ նշուած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած է լայն իրաւապայմանագրային հիմք՝ միաժամանակ ընդգծելով փոխգործակցութեան ընդլայնմանը համահունչ այն նոր ուղղութիւններով համալրելու պատրաստակամութիւնը։

Անդրադարձ կատարուած է երկու երկիրներու դիւանագիտական դպրոցներուն միջեւ փոխգործակցութեան հարցերու:

Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու խթանման ծիրին մէջ ընդգծուած է նաեւ ներդրումային ծրագրերու հետագայ խրախուսման կարեւորութիւնը։

Երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման ծիրին մէջ նախարարներ Արարատ Միրզոյեանը եւ Տիանա Մոնտինիօն անդրադարձած են նաեւ Արժանթինի մէջ հայ համայնքի՝ որպէս իւրատեսակ կամուրջ դերին։

Հայաստանի եւ Արժանթինի արտաքին գործերու նախարարները քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր։ Նախարար Միրզոյեանը իր գործընկերոջը ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերջին զարգացումները եւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները։ Կարեւորուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին ապահովումը՝ հիմնուած 1991 թուականի Ալմա-աթայի հռչակագրին վրայ, եւ ընդհանուր առմամբ մինչ օրս բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն հաւատարմութիւնը։

Տարածաշրջանային փոխադրութեան եւ տնտեսական կապուղիներու ապաշրջափակման ծիրին մէջ Արարատ Միրզոյեան ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» ծրագիրը՝ մատնանշելով անոր միջոցով ընձեռնուող տնտեսական եւ կապուղիներու զարգացման հնարաւորութիւնները, տարածաշրջանին մէջ կայունութեան նպաստելու ներուժը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment