Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Մէջ «Նեղուած» Են Հայաստանի, ԵՄ-ի Եւ ԱՄՆ-ի Համատեղ Համաժողովէն, Զայն Անուանած Են «Միակողմանի Եւ Կանխակալ»

Ատրպէյճանի Մէջ «Նեղուած» Են Հայաստանի, ԵՄ-ի Եւ ԱՄՆ-ի Համատեղ Համաժողովէն, Զայն Անուանած Են «Միակողմանի Եւ Կանխակալ»

by MassisPost

Եւրոմիութիւնն ու ԱՄՆ միասին պիտի կիսեն պատասխանատուութիւնը Հայաստանի որեւէ «ապակայունացնող» գործողութեան համար:

Այս մասին յայտարարութիւն հրապարակած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը՝ մեկնաբանելով Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ սպասուող՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆօն տեր Լեյենի եւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի համատեղ հանդիպումը, որու ծիրին մէջ պիտի քննարկուին Հայաստանի զարգացման նպաստող եռակողմ համագործակցութեան ուղիները:

«Նեղուելով» այս հանդիպումէն ու այն փաստէն, որ այն պիտի անցնի առանց Ատրպէյճանի՝ երկրի ԱԳՆ-ն յայտարարած է, թէ ԵՄ-ի, Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի համատեղ համաժողովը «ակնյայտօրէն միակողմանի է, կանխակալ եւ հիմնուած երկակի չափանիշերու վրայ»։

«Այս համաժողովը «թափանցիկ չէ, զուրկ է տարածաշրջանային ընդգրկունութենէ եւ կը հակասէ տարածաշրջանին մէջ այդքան անհրաժեշտ վստահութեան եւ համարկման ձեւաւորման»: Այս համաժողովը հայկական կողմը խաղաղ բանակցութիւններու մղելու փոխարէն տարածաշրջանին մէջ «նոր բաժանարար գիծեր ու ազդեցութեան շրջանակներ կը ստեղծէ»։ Հայաստանի մէջ «վրիժառութեան տրամադրութիւններու» լոյսին ներքոյ Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի նման բացայայտ հայանպաստ հասարակական դիրքորոշումը կրնայ վտանգաւոր պատրանք ստեղծել, որ ԵՄ եւ ԱՄՆ պիտի աջակցին անոր «Ատրպէյճանի դէմ յաջորդ հնարաւոր սադրանքներուն մէջ»։ Այս պարագային ԵՄ եւ ԱՄՆ պիտի կիսեն Հայաստանի որեւէ «ապակայունացնող գործողութիւններուն» պատասխանատուութիւնը», բարձրագոչ յայտարարած է արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը։

Կառոյցը նաեւ կոչ ըրած է ձեռնպահ մնալու քայլերէ, որոնք կրնան բացասական ազդեցութիւն ունենալ խաղաղութեան ջանքերուն վրայ եւ տարածաշրջանին մէջ մագլցումի եւ լարուածութեան նոր ալիքներ հրահրել:

Պաքուն մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ «Հայաստանի ռազմականացման ուղղուած» Ֆրանսայի գործողութիւններուն եւ «աւելի մեծ ռազմական մատակարարումներու (ներառեալ մահաբեր եւ յարձակողական զէնքեր)» առնչութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment