Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2023 Թուականը Բարդ Տարի Էր Պաշտպանութեան Նախարարութեան Եւ Ամբողջ Զինուած Ուժերուն Համար. Պապիկեան

2023 Թուականը Բարդ Տարի Էր Պաշտպանութեան Նախարարութեան Եւ Ամբողջ Զինուած Ուժերուն Համար. Պապիկեան

by MassisPost

«ՀՀ-ի շուրջ ստեղծուած անվտանգային իրավիճակով պայմանաւորուած՝ 2023 թուականը բաւականին բարդ տարի էր ՊՆ-ի եւ ողջ զինուած ուժերի համար, տարուայ ընթացքում զօրքերը հիմնականում գտնուել են մարտական տարբեր պատրաստականութեան աստիճաններում, իսկ կառավարման մարմիններն աշխատել են ուժեղացուած աշխատանքային կարգով։ Մայիս եւ Սեպտեմբեր ամիսներին անվտանգային իրավիճակի սրման հետ կապուած զինուած ուժերը բերուել են պատրաստականութեան տարբեր աստիճանների»։

Այս մասին ՀՀ Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերի մշտական յանձնաժողովի Մարտ 25-ի նիստին ըսաւ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան:

«2023 թուականի համար հաստատուած նախահաշիւներով տարեսկզբին յատկացուել է 517,28 միլիառ դրամ ֆինանսական միջոցներ, որը տարուայ ընթացքում աւելացուել է 9,19 միլիառ դրամով եւ կազմել 526,47 միլիառ դրամ», յաւելեց Պապիկեան:

Ըստ Պապիկեանի՝ կառավարութեան 2021-2026 թուականներու գործունէութեան ծրագրի կատարումը ապահովող միջոցառումներու՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան բաժնի ցանկը կազմուած է 14 նպատակէ, որոնք կը ներառեն 37 միջոցառում․ «անոնք հիմնականին մէջ կատարուած են նախատեսուած ծաւալներով եւ ժամկէտերու մէջ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment