Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վրաստանի ԵՄ Թեկնածուի Կարգավիճակի Լուրը Հայաստանի Մէջ Ընդունեցին Ոգեւորութեամբ. Փաշինեան

Վրաստանի ԵՄ Թեկնածուի Կարգավիճակի Լուրը Հայաստանի Մէջ Ընդունեցին Ոգեւորութեամբ. Փաշինեան

by MassisPost

«Վստահ եմ, որ Գոպախիձէն իր հոգատար հետեւողականութեամբ լուրջ ներդրում կ’ունենայ Հայաստանի եւ Վրաստանի յարաբերութիւնների խորացման գործում», Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Գոպախիձէի հետ համատեղ յայտարարութիւններու ժամանակ յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Ինչպէս նշեց ՀՀ վարչապետը, Վրաստանի վարչապետին հետ քննարկած են Վրաստանի հետ ռազմավարական հռչակագրի գործնական իրագործման ուղղութեամբ անհրաժեշտ եւ հնարաւոր քայլերը. «Ուզում եմ ընդգծել, որ այդ հռչակագրում էական առանցք է միմեանց տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան անվերապահ ճանաչումը: Եւ այսօր մենք Վրաստանի վարչապետի հետ քննարկել ենք Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ սահմանազատման գործընթացի աշխուժացման հնարաւորութիւնները»:

«ՀՀ-ն սատարել եւ սատարում է ԵՄ-ին անդամագրուելու Վրաստանի ձգտումներին», ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան: Ինչպէս ըսաւ ՀՀ վարչապետը, հանդիպման ընթացքին իր վրաց գործընկերոջը ներկայացուցած է նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներու վերաբերեալ հայկական կողմին ընկալումները եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ կարգաւորումներուն ընթացիկ վիճակը: «Վերահաստատել եմ, որ Հայաստանը ստանձնում է տարածաշրջանում խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու գործի իր բաժին պատասխանատուութիւնը: Ակնկալում ենք, որ նոյնպիսի մօտեցում կը ցուցաբերեն նաեւ միւս դերակատարները: «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծը պիտի դառնայ մեր երկրների ռազմավարական գործընկերութեան ապագայ թեմաներից մէկը», նշեց Նիկոլ Փաշինեան, կրկին ընդգծեց բարձր մակարդակով պայմանաւորուած երեք սկզբունքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Վրաստանի գործընկերներուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով գործուն քայլերուն համար:

Յիշեցնենք, որ Հայաստան ժամանած է Վրաստանի նորանշանակ վարչապետ Իրաքլի Գոպախիձէն:

«Մենք դարեր շարունակ համագործակցած ենք եւ եղբայրական յարաբերութիւններ ունեցած ենք, ստորագրած ենք համագործակցութեան հռչակագիր եւ աւելի բարձր մակարդակի հասցուցած ենք մեր յարաբերութիւնները: Այս հռչակագիրը հիմնուած է մեր ընդհանուր սկզբունքներուն եւ արժեհամակարգերուն վրայ», ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ համատեղ յայտարարութիւններուն ժամանակ յայտնեց Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Գոպախիձէն:

Վրաստանի վարչապետը նշեց, որ իր երախտագիտութիւնը արտայայտած է ՀՀ վարչապետին Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան աջակցելու համար:

«Ես առանց վերապահումներու կ’աջակցիմ ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան: Ես կը միանամ իմ գործընկերոջս առ այն, որ մեր յարաբերութիւնները յարաշարժօրէն կը զարգանան», նշեց ան եւ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կը ստորագրուի, ու կրկին վերահաստատեց այդ գործին մէջ աջակցելու Վրաստանի պատրաատակամութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment