Home Uncategorized Եւրոպայի Դռները Կը Բացուին Հայաստանի Առջեւ

Եւրոպայի Դռները Կը Բացուին Հայաստանի Առջեւ

by MassisPost

Հայաստանի նկատմամբ Եւրոպական շարք մը երկիրներու հոգածութիւնը ու ցուցաբերած քաղաքական ու ռազմական զօրակցութիւնը այժմ սկսած են ստանալ նոր ու կարեւոր հանգամանքներ։ Եւրոպական Խորհրդարանը գրեթէ միաձայնութեամբ ընդունեց Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Հայաստանի թեկնածութեան կարելութիւնները դիտարկելու միտուած բանաձեւ, որ կը նկատուի առաջին քայլը դէպի Եւրոպական ընտանիքի անդամ դառնալու ճանապարհին։

Առայժմ Հայաստան պաշտօնապէս չէ դիմած Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, սակայն իշխանութեան մաս կազմող քաղաքական գործիչներ վերջին շրջանին սկսած էին ակնարկել այդ մասին։ Սակայն վարչապետ Փաշինեանի արձագանքը աւելի զգուշաւոր էր։ Բանաձեւը ողջունելէ ետք վարչապետը յայտնեց, թէ այդ հարցը Հայաստանի մէջ հանրային քննարկման առարկայ պէտք է դառնայ։ «Յոյս ունեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ուժերը, հասարակական կազմակերպութիւնները, հանրութեան տարբեր շերտեր, քաղաքացիներ վերաբերմունք կ՛արտայայտեն Եւրոպական Խորհրդարանից հնչող այս ուղերձի վերաբերեալ, որովհետեւ նման ուղերձներն ունեն շատ աւելի լայն արձագանգի կարիք, քան կառավարութիւնը կամ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը», ըսաւ Փաշինեան։

Նախ պէտք է արձանագրել որ, Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը երկար գործընթաց է ու հոն հասնելու ճանապարհին կան բազմաթիւ նախապայմաններ, որոնցմէ գլխաւորը ժողովրդավարութեան ամրապնդումը, քաղաքական կայունութիւնը, մարդկային եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ազատ տնտեսութիւնը։ Հայաստան տակաւին չէ հասած այդ մակարդակներուն, իսկ կարգ մը եւրոպական չափանիշեր խորթ են հայկական ընտանեկան աւանդոյթներուն։

Եւրոպական Միութիւնը նախ եւ առաջ տնտեսական միացեալ շուկայ է, որուն մաս կազմելէ առաջ Հայաստան պէտք է դուրս գայ Ռուսաստանի գլխաւորած Եւրասեական Տնտեսական Միութենէն։ Այդ Միութիւնը ներկայիս բաւական մեծ օգուտներ կու տայ Հայաստանին եւ վերջին տարիներուն արձանագրուող տնտեսական աճը կապուած է այդ Միութեան անդամակցութեան հետ։

Այս հանգրուանին, երբ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները կը գտնուին իրենց ամենէն վատ վիճակին մէջ, Եւրասեական Տնտեսական Միութենէն դուրս գալը աւելի պիտի սրէ իրավիճակը, որուն ձգտողը չէ Հայաստան։ Այդ է պատճառը, որ վարչապետ Փաշինեան զգուշաւորութիւն կը ցուցաբերէ այս հարցով։ Մոսկուան, որ Հայկական կողմի առած բոլոր քայլերն ու շփումները կը նկատէ ուղղուած իր դէմ, չարձագանքեց Եւրոպական Խորհրդարանի բանաձեւին։ Միւս կողմէ չուշացաւ Ատրպէյճան արձագանքը ըսելու համար թէ, Բանաձեւը «Ատրպէյճանի նկատմամբ երկակի չափանիշերու վառ օրինակ է»։

Հայաստան ներկայիս կը գտնուի դէպի Եւրոպա տանող ճանապարհի սկզբնաւորութեան։ Այդ ճամբորդութիւնը որքա՞ն կրնայ տեւել, դժուար է ըսել։ Սակայն, յստակ է որ ճանապարհի աւարտին Եւրոպան պատրաստ է գրկաբաց ընդունելու Հայաստանը՝ իր կազմէն ներս։ Վերջին խօսքը կը պատկանի Հայաստանի ժողովուրդին՝ մնալ Ռուսաստանի հովանիին տակ, թէ ուղղուիլ դէպի Եւրոպական ընտանիք, որուն մաս կազմելով նոր հորիզոներ կրնան բացուիլ մեր ազգին առջեւ։
Գ․ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment