Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Տարածաշրջանի Ամենաերջանիկ Երկիրն Է․ Երջանկութեան Համաշխարհային Զեկոյցը Հրապարակած Է Ցանկը

Հայաստանը Տարածաշրջանի Ամենաերջանիկ Երկիրն Է․ Երջանկութեան Համաշխարհային Զեկոյցը Հրապարակած Է Ցանկը

by MassisPost

Ամէնամեայ Երջանկութեան համաշխարհային զեկոյցին մէջ (World Happiness Report) 143 պետութեան շարքին է նաեւ Հայաստանը:

Այն տարածաշրջանի երկիրներու շարքին առաջատար է եւ վարկանիշով 82-րդն է: Մեր երկրին կը յաջորդեն Վրաստանը (91), Թուրքիան (98), Իրանը (100), Ատրպէյճանը (101): Մինչդեռ Ռուսաստանը 72-րդն է:

Ըստ վարկանիշը կազմողներուն՝ այն անփոփոխ մնացած է համավարակէն յետոյ։ Ֆինլանդիան եօթներորդ անգամ անընդմէջ դարձած է աշխարհի ամենաերջանիկ երկիրը։ Ֆինլանտայէն բացի՝ ընկերաբանները ամենաերջանիկ երկիրներ ճանչցած են Դանիան եւ Իսլանտան, որոնք զբաղեցուցած են համապատասխանաբար երկրորդ եւ երրորդ տեղերը։ Ամենաերջանիկ երկիրներու տասնեակին մէջ են նաեւ Շուէտը, Իսրայէլը, Հոլանտան, Նորվեկիան, Լիւքսեմպուրկը, Զուիցերիան եւ Աւստրալիան։

Ամենադժբախտ երկիր ճանչցուած է Աֆղանիստանը, որուն կը նախորդեն Լիբանանը, Լեսոթօն, Սիերա Լէոնը եւ Գոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը։

Զեկոյցին հեղինակները վարկանիշը կազմելու եւ տարբեր երկիրներու մէջ երջանկութեան մակարդակը որոշելու համար հաշուի կ’առնեն քանի մը հիմնական գործօն՝ ընկերային աջակցութիւն, եկամուտ, առողջութիւն, ազատութիւն, փտածութեան բացակայութիւն:

Զեկոյցին հրապարակումը կը համընկնի Երջանկութեան միջազգային օրուան հետ, որ կը նշուի Մարտ 20-ին։ Համաշխարհային երջանկութեան զեկոյցը կը հրապարակուի ամէն տարի՝ 2012 թուականէն սկսեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment