Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութինը Պարտուեցաւ Երեւանի Մէջ, Յաղթեց Կիւմրիի Մէջ

Փութինը Պարտուեցաւ Երեւանի Մէջ, Յաղթեց Կիւմրիի Մէջ

by MassisPost

20 տարիէ աւելի Ռուսաստանը ղեկավարող Փութինը պարտուեցաւ Երեւանի մէջ, յաղթեց Կիւմրիի մէջ, ուր ռուսական 102-րդ ռազմախարիսխն է։

Ռուսաստանի քաղաքացիներուն համար Կիրակի օր ընտրատեղամասէր բացուած էին Հայաստանի այս երկու քաղաքներուն մէջ։ Ըստ նախնական արդիւնքներու՝ Փութինը Երեւանի մէջ հաւաքած է քուէներուն գրեթէ 33 տոկոսը։ Այստեղ յաղթած է «նոր մարդիկ» կուսակցութենէն Վլատիսլավ Տաւանքովը՝ ստանալով մօտ 50 տոկոս ձայն, իսկ Կիւմրիի մէջ Փութին առաջատարն է՝ 58 տոկոսով։

Պատերազմէն յետոյ Հայաստան տեղափոխուած արտադրող Սերկէյ Ցելիքով չի հաւատար այս թիւերուն, կ’ըսէ՝ ռուսական բռնատիրական վարչակարգը մերժած ու իրենց հայրենիքը լքած մարդիկ ժամերով հերթ կանգնած էին մէկ նպատակով՝ «ոչ» ըսել Փութինին։

«Երէկ հսկայական հերթ էր. անոնց մէջ պիտի ըլլան, ի հարկէ, Փութինի համար քուէարկողներ, սակայն 8 ժամ հերթ կանգնած էին այն մարդիկ, որոնք կը փափաքէին, որ իրենց ձայնը լսելի ըլլայ։ Եւ ես վստահ եմ, որ այդ հերթին մէջ կանգնած մարդոց 95 տոկոսը Փութինի դէմ էր։ Այս թիւերուն ես չեմ հաւատար», ըսաւ Ցելիքով:

Կիւմրիի մէջ մէկ տեղամաս բացուած էր հիւպատոսարանին մէջ, եւս երեքը՝ ռուսական 102-րդ ռազմախարիսխին մէջ։ «Ազատութեան» զրուցակիցները նաեւ ասով կը բացատրէին՝ ինչպէս Փութինը 50 տոկոսէ աւելի ձայն հաւաքեց Հայաստանի երկրորդ քաղաքին մէջ։ Մինչդեռ նախօրէին երկարուձիգ հերթերու մէջ Ռուսիոյ քաղաքացիները չէին վախնար եւ տեսախցիկի առջեւ կը խոստովանէին՝ համաձայն չեն այն ամէնուն հետ, ինչ որ տեղի կ’ունենայ իրենց երկրին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment