Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոխորհրդարանի Պատգամաւորները Կ’առաջարկեն Դիտարկել Հայաստանի՝ ԵՄ-ին Անդամակցութեան Թեկնածուի Կարգավիճակ Տրամադրելու Հնարաւորութիւնը

Եւրոխորհրդարանի Պատգամաւորները Կ’առաջարկեն Դիտարկել Հայաստանի՝ ԵՄ-ին Անդամակցութեան Թեկնածուի Կարգավիճակ Տրամադրելու Հնարաւորութիւնը

Կողմ՝ 504, Դէմ՝ 4, Ձեռնպա՝հ 32. Եւրոխորհրդարանը Ընդունեց ԵՄ-ին Անդամակցելու Հայաստանի Թեկնածութեան Հնարաւորութիւնը Դիտարկել Առաջարկող Բանաձեւը

by MassisPost

Կողմ 504, դէմ 4, ձեռնպահ 32. Եւրոխորհրդարանը ընդունեց ԵՄ-ին անդամակցելու Հայաստանի թեկնածութեան հնարաւորութիւնը դիտարկել առաջարկող բանաձեւը։

Եթէ Հայաստանը շահագրգռուած ըլլայ թեկնածուի կարգավիճակ ստանալու համար եւ շարունակէ իր ժողովրդավարութիւնը ամրապնդող կայուն բարեփոխումներու ուղին, այդ կրնայ հիմք հանդիսանալ ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ փոխակերպման փուլի համար», ըսուած է Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն կողմէ համատեղ ներկայացուած բանաձեւին մէջ։

Հայաստանին ԵՄ անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տալու հնարաւորութեան մասին Եւրոխորհրդարանի ընդունած բանաձեւը Ատրպէյճանի մէջ հերթական ջղագրգռութեան պատճառ դարձած է:

«Հայաստանի հետ կապերու ամրապնդման վերաբերեալ բանաձեւը «Ատրպէյճանի նկատմամբ երկակի չափանիշերու վառ օրինակ է»»։

Այս մասին կ’ըսուի Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէի մեկնաբանութեան մէջ՝ կապուած Մարտ 13-ին Եւրոխորհրդարանին կողմէ ընդունուած բանաձեւին հետ, որուն մէջ խորհրդարանականները խորհուրդ տուած են գործադիր կառոյցներուն ամրապնդել յարաբերութիւնները Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի միջեւ։

«Եւրըխորհրդարանի 2024 թուականի Մարտ 13-ի բանաձեւը, ըլլալով անհիմն եւ կողմնակալ, նաեւ երկակի չափանիշերու վառ օրինակ է մեր երկրին նկատմամբ», նշած է արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը։

Պաքուն Եւրոխորհրդարանին առաջարկած է «լուծել աւելի լուրջ խնդիրներ Եւրոպայի մէջ, քանի որ համոզուած է՝ «այնպիսի բանաձեւերը, ինչպիսին ընդունուածն է, որեւէ առնչութիւն չունին անոնց մէջ ամրագրուած արժէքներու հետ, ինչպէս նաեւ ամբողջութեամբ կը զերոյացնեն Եւրոխորհրդարանին՝ որպէս հիմնարկ դերը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment