Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանի Յարձակումը Հնարաւոր, Բայց Աւելի Քիչ Հաւանական Է Հարաւային Կովկասի Երկիրներու Նկատմամբ. STRATFOR

Ռուսաստանի Յարձակումը Հնարաւոր, Բայց Աւելի Քիչ Հաւանական Է Հարաւային Կովկասի Երկիրներու Նկատմամբ. STRATFOR

by MassisPost

Ամերիկեան հեղինակաւոր STRATFOR մասնաւոր հետախուզական-վերլուծական կեդրոնը իր՝ «Ռուսաստանի արդի աշխարհաքաղաքականութիւնը» յօդուածին մէջ Ռուսաստանի ապագայի երեք հնարաւոր ճանապարհներու մասին պատմած է: Անոնցմէ առաջինին մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի.

«Ռուսաստանը երթալով աւելի պիտի ռազմականացուի եւ աւելի սպառնալից պիտի դառնայ իր հարեւաններուն նկատմամբ՝ ներառեալ ՆԱԹՕ անդամները, չնայած Մոսկուան ամէն կերպ պիտի խուսափի ՆԱԹՕ-ի հետ ուղիղ առճակատումէն։ Անոր փոխարէն Ռուսիան պիտի կեդրոնացնէ իր ուժը այլ երկիրներու վրայ։ Ռուս բարձրաստիճան պաշտօնեաները սպառնալից եւ գրգռիչ յայտարարութիւններ պիտի ընեն Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Էսթոնիոյ, Ֆինլանտայի, Վրաստանի, Ճափոնի, Ղազախիստանի, Լաթվիայի, Լիթուանիոյ, Մոլտովայի, Լեհաստանի, Ռումանիոյ եւ ԱՄՆ-ի նկատմամբ։ Այս յայտարարութիւններով անոնք ցոյց պիտի տան իրենց հաւատարմութիւնը աւելի բարձրաստիճան ղեկավարութեան եւ իրենց ընկալումը Ռուսաստանի աշխարհաքաղաքական դերի մասին։

Ուքրանիայէն յետոյ Ռուսաստանի յաջորդ ռազմական թիրախը կրնայ դառնալ Ղազախիստանը։ Շարք մը ռազմական-անվտանգային միջամտութիւններ հնարաւոր են Կեդրոնական Ասիոյ մէջ՝ հիմնականին մէջ անոնք պիտի ըլլան թեթեւ գործողութիւններու տեսքով՝ տեղական կառավարութիւնները պաշտպանելու նպատակով, ինչպէս եղաւ 2022-ին Ղազախիստանի մէջ։ Ռուսաստանը պիտի ձգտի խորացնելու յարաբերութիւնները եւ պաշտպանելու մենատիրական կայունութիւնը Կեդրոնական Ասիոյ մէջ՝ տարածաշրջանը որպէս թափարգել օգտագործելու եւ անոր բնակչութիւնը ռուսական ժողովրդագրական խնդիրներու լուծում օգտագործելու համար։ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու տնտեսութիւններն ու քաղաքական վարչակարգերը շատ աւելի անկայուն են եւ հետեւաբար անոնց վրայ յարձակման վտանգներն ու գինը շատ աւելի ցած է, քան Եւրոպայի մէջ։ Ռուսաստանի յարձակումը հնարաւոր, բայց աւելի քիչ հաւանական է Հարաւային Կովկասի երկիրներուն նկատմամբ»։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment