Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Կ՛Այցելէ Սիւնիք Եւ Յարգանքի Տուրք Կը Մատուցէ Փարամազի Յուշահամալիրին

ՍԴՀԿ Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Կ՛Այցելէ Սիւնիք Եւ Յարգանքի Տուրք Կը Մատուցէ Փարամազի Յուշահամալիրին

by MassisPost

3 Մարտին Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամμ փոխատենապետ Վարազդատ Եղիազարեանի, կուսակցական, աշխատանքային այցով կը գտնուէր Սիւնիքի մէջ, ուր կուսակցական եւ հանրային հանդիպումներ ունեցաւ Կապան եւ Մեղրի քաղաքներուն մէջ:

Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ ու երկրին շուրջ գոյութիւն ունեցող ամենահրատապ ու կարեւոր քաղաքական եւ անվտանգային հարցերը: ՍԴՀԿ Հայաստանի կազմակերպութեան փոխատենապետը, ինչպէս նաեւ ներկաները միահամուռ կերպով ընդգծեցին Սիւնիքի չափազանց կարեւոր ու կենսական նշանակութիւնը` Հայաստանի գոյատեւման, անվտանգութեան ու հետագայ զարգացման համար: Հանդիպումները անցան ջերմ եւ անկաշկանդ կարծիքներու փոխանակութեան մթնոլորտի մէջ:

Պատուիրակութիւնը ապա այցելեց եւ իր խորին յարգանքի տուրքը մատուցեց` օսմանեան լուծի տակ տառապող հայ ժողովուրդին եւ ազատ ու անկախ Հայաստանի տեսլականին համար պայքարած եւ 1915 թուականի Յունիսին Կոստանդնոպոլսոյ Սուլթան Բայազետ հրապարակին վրայ կախաղան հանուած՝ հնչակեան հերոս, բնիկ մեղրեցի` Փարամազի (Մատթէոս Սարգսեան) եւ իր կուսակցական ընկերներու անմահութեան յուշահամալիրին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment