Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Եգիպտոսի Նախագահին Ներկայացուցած է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ն Ու Անոր Սկզբունքները. Ինչ Փաստաթուղթեր Ստորագրուած Են

Փաշինեան Եգիպտոսի Նախագահին Ներկայացուցած է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ն Ու Անոր Սկզբունքները. Ինչ Փաստաթուղթեր Ստորագրուած Են

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Եգիպտոս ժամանած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է երկրի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսիի հետ:

Նախ տեղի ունեցած է երկու երկիրներու առաջնորդներու առանձնազրոյցը, այնուհետեւ քննարկումները շարունակուած են ընդլայնուած կազմով:

Եգիպտոսի նախագահը ողջունած է վարչապետ Փաշինեանի պաշտօնական այցը եւ ընդգծած, որ այն նոր ազդակ պիտի հաղորդէ Եգիպտոս-Հայաստան բազմաոլորտ համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման: Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսին շեշտած է հայ եւ եգիպտացի ժողովուրդներու բազմադարյայ սերտ կապերու փաստը` յաւելելով, որ Եգիպտոսի հայ համայնքը իր ուրոյն դերը ունի տարբեր ոլորտներու զարգացման գործին մէջ:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար` յաւելելով, որ ՀՀ կառավարութիւնը շահագրգիռ է Եգիպտոսի հետ կապերու ընդլայնման ու խորացման գործին մէջ: Վարչապետը կարեւորած է առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնումն ու խորացումը եւ առկայ ներուժի իրացման գործին մէջ ընդգծած գործարար կապերու զարգացման անհրաժեշտութիւնը:

ՀՀ վարչապետը եւ Եգիպտոսի նախագահը քննարկած են տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու, զբօսաշրջութեան, օդային հաղորդակցութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու, գիւղատնտեսութեան, կենսոլորտի, կրթութեան, մշակոյթի ոլորտներուն մէջ համատեղ նոր ծրագրերու իրականացման վերաբերող շարք մը հարցեր:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջաններուն մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն առնչուող հարցեր: Երկուստեք կարեւորուած է խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումն ու այդ ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը:

Վարչապետ Փաշինեանը Եգիպտոսի գործընկերոջը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ տեղի ունեցող քննարկումներու վերաբերեալ եւ անդրադարձած հայկական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումներուն: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին եւ անոր սկզբունքներուն:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան քայլերուն:

Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսիի հանդիպումէն յետոյ, երկու երկիրներու ղեկավարներու ներկայութեամբ, Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ տեղի ունեցած է փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը:

Մասնաւորապէս, ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան եւ Եգիպտոսի Միջազգային Համագործակցութեան նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է տնտեսական համագործակցութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիր: Զայն ստորագրած են ՀՀ տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Ռաֆայէլ Գէորգեանը եւ Եգիպտոսի միջազգային զարգացման համագործակցութեան նախարար Ռանիա Մաշաթը:

ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան եւ Եգիպտոսի գիւղատնտեսութեան եւ հողերու բարելաւման նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ գիտատեխնիկական համագործակցութեան մասին 2024-2026 թուականներու իրականացման ծրագիրը: Զայն ստորագրած են Ռաֆայէլ Գէորգեանը եւ Եգիպտոսի գիւղատնտեսութեան նախարար Ալ Սայետ Քասէրը:

ՀՀ Կենսոլորտի նախարարութեան եւ Եգիպտոսի Շրջակայ Միջավայրի նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է կենսոլորտի պահպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիր:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment