Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Զուարթնոց» Օդակայանին Մէջ Ծառայութիւնը Ամբողջութեամբ Պէտք Է Իրականացնեն Հայաստանի Սահմանապահները․ ԱԽ Քարտուղար

«Զուարթնոց» Օդակայանին Մէջ Ծառայութիւնը Ամբողջութեամբ Պէտք Է Իրականացնեն Հայաստանի Սահմանապահները․ ԱԽ Քարտուղար

by MassisPost

Հայաստանի դիրքորոշումը այն է, որ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ ծառայութիւնը ամբողջութեամբ պէտք է իրականացնեն Հայաստանի սահմանապահ զօրքերը։ Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսաւ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը` պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօ՞ք կը քննարկուի Ռուսիոյ սահմանապահները «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն դուրս բերելու հարցը։

«Հայաստանը այս հարցում յստակ դիրքորոշում ունի եւ այդ յստակ դիրքորոշման մասին Ռուսաստանի Դաշնութեանը տեղեակ պահել է պաշտօնական նամակով։ Հայաստանի դիրքորոշումն այն է, որ «Զուարթնոց» միջազգային օդանաւակայանում ծառայութիւնը պէտք է իրականացնեն Հայաստանի սահմանապահ զօրքերը», ըսաւ Գրիգորեան։

«Զուարթնոց» օդակայանէն ռուս սահմանապահները դուրս բերելու մասին որոշում Հայաստանը չէ կայացուցած,  Ռուսաստանին այդ մասին չեն յայտնած։ Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը Սոչիի մէջ ընթացող Համաշխարհային երիտասարդական փառատօնին ժամանակ։

«Այդ առումով ինչ-որ որոշումներ, որքան մենք կը հասկնանք, չեն եղած: Պաշտօնական ուղիներով ոչ ոք մեզ հասցուցած է այդ որոշումները», ըսած է Փեսքով։

Ինչ կը վերաբերի հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, ան նշած է, որ Մոսկուան ունի քաղաքական կամք անոնց հետագայ կառուցման համար, իսկ ներկայիս դժուարութիւնները պիտի անցնին։

Ռուսաստանը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու առանձնայատուկ բնոյթը: «Երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ, ինչպէս մարդոց յարաբերութիւններուն մէջ, տարբեր փուլեր կ’ըլլան: Ամենամօտ հարեւանները կրնան ունենալ շրջան մը, երբ յարաբերութիւնները կը սրին: Բայց այստեղ կը պահանջուի քաղաքական կամք, մեր կողմէ այդ կայ», ըսած է մամուլի քարտուղարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment