Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Դեռ Չէ Արձագանգած Միջգերատեսչական Խորհրդատուութիւններու Վերաբերեալ Ռուսաստանի Առաջարկին. ՌԴ ԱԳՆ

Հայաստան Դեռ Չէ Արձագանգած Միջգերատեսչական Խորհրդատուութիւններու Վերաբերեալ Ռուսաստանի Առաջարկին. ՌԴ ԱԳՆ

by MassisPost

Հայաստանը տակաւին չէ արձագանգած Ռուսաստանի Դաշնութեան առաջարկին՝ Երեւանի «մտահոգութիւնները» լուծելու համար միջգերատեսչական խորհրդակցութիւններ կայացնելու վերաբերեալ:

Համաշխարհային երիտասարդական փառատօնի շրջանակներուն մէջ տուած  ճեպազրոյցին ընթացքին այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան:

«Նախապէս մենք առաջարկած էինք, որ հայ դաշնակիցները միջգերատեսչական խորհրդակցութիւններ կայացնեն, որպէսզի առարկայական քննարկեն եւ փորձեն իրենց մտահոգութիւնները լուծել, դեռ պատասխան չկայ, գուցէ յայտնուի յետոյ, գուցէ հիմա յայտնուի, անոնք դեռ չեն արձագանգած այս նախաձեռնութեան», ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment