Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն Մանրամասնութիւններ Յայտնած Է Միրզոյեան-Լաւրով Հեռախօսազրոյցէն

Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն Մանրամասնութիւններ Յայտնած Է Միրզոյեան-Լաւրով Հեռախօսազրոյցէն

by MassisPost

Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ մանրամասնութիւններ ներկայացնելով նախօրէին տեղի ունեցած Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հեռախօսազրոյցէն:

«Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգի արդիական հարցերը, այդ շարքին՝ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացը, ինչպէս նաեւ փոխգործակցութիւնը ընդհանուր համարկման միաւորումներու շրջանակին մէջ», նշուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Աւելի վաղ, Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտնած էր, որ ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ Մարտ 5-ին տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ:

ՀՀ ԱԳՆ հաղորդագրութեան համաձայն՝ զրուցակիցները քննարկած  են երկկողմ եւ տարածաշրջանին վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment