Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան Ստորագրած Է Մարուքեանի՝ Յատուկ Յանձնարարութիւններով Դեսպանի Պաշտօնէն Ազատման Որոշումը

Փաշինեան Ստորագրած Է Մարուքեանի՝ Յատուկ Յանձնարարութիւններով Դեսպանի Պաշտօնէն Ազատման Որոշումը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին որոշմամբ՝ Էտմոն Մարուքեանը ազատուած է յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպանի պաշտօնէն:

«Ղեկավարուելով «Դիւանագիտական ծառայութեան մասին» օրէնքի 16-րդ յօդուածի 1-ին մասով՝ Էտմոն Մարուքեանին ազատել յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպանի պաշտօնէն», կ’ըսուի որոշման մէջ:

Էտմոն Մարուքեանը յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան շանակուած էր 2022 թուականի Մարտ 14-ին:

Վերջինս Փետրուար 29-ին յայտնած էր, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուցած է ՀՀ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպանի պաշտօնէն ազատման դիմում:

Մարուքեանը իր որոշումը հիմնաւորած էր արտաքին քաղաքական հիմնարար հարցերու շուրջ իշխանութիւններու հետ տեսլականներու տարբերութիւններով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment