Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երկու Միլիառ Դրամը Գերազանցող Գոյքը Կը Փոխանցուի Հայաստանի Հանրապետութեան. Գլխաւոր Դատախազութիւնը Կնքած Է Հաշտութեան Համաձայնութիւն

Երկու Միլիառ Դրամը Գերազանցող Գոյքը Կը Փոխանցուի Հայաստանի Հանրապետութեան. Գլխաւոր Դատախազութիւնը Կնքած Է Հաշտութեան Համաձայնութիւն

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազութիւնը, ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործառոյթի շրջանակին մէջ, 2024 թուականի Փետրուար 21-ին հաշտութեան համաձայնութիւն կնքած է ՀՀ քաղաքացի Գալուստ Լուքաշի Գրիգորեանի հետ:

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Գլխաւոր դատախազութենէն, տեղեկացնելով, որ Գալուստ Գրիգորեանին պատկանող գոյքի առնչութեամբ 2020 թուականի Հոկտեմբեր 9-ին Գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան մէջ սկսած էր ուսումնասիրութիւն։

Կատարուած ուսումնասիրութեան բերումով 2022 թուականի Մարտ 25-ին Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան ներկայացուած էր ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման պահանջով հայցադիմում, որ հետագային փոխանցուած էր Հակափտածութեան դատարանին:

Գալուստ Գրիգորեանը՝ ներկայացուցիչի միջոցով, Գլխաւոր դատախազութեան ներկայացուցած է հայցին քննութիւնը հաշտութեամբ աւարտելու առաջարկ:

Վերոնշեալ առաջարկին հիման վրայ Գլխաւոր դատախազութեան եւ պատասխանողի ներկայացուցիչին միջեւ 2024 թուականի Փետրուար 21-ին կնքուած է հաշտութեան համաձայնութիւն, որով Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութեան կը փոխանցուի Երեւան քաղաքի Աւան վարչական շրջանի Աճառեան փողոցին մէջ գտնուող՝ 16.013 քմ մակերեսով հողամասը՝ 2 միլիառ 18 միլիոն 400 հազար դրամ շուկայական արժէքով, ինչ որ կը կազմէ ընդհանուր հայցագինի 76,93 տոկոսը:

Ստորագրուած հաշտութեան համաձայնութիւնը 2024 թուականի Փետրուար 22-ին ներկայացուած է Հակափտածութեան դատարան՝ օրէնքով սահմանուած կարգով հաստատելու նպատակով։

Քաղաքացիական դատավարութեան օրէնսգիրքով սահմանուած կարգով՝ նշուած հաշտութեան համաձայնութիւնը դատարանին կողմէ ենթակայ է հաստատման՝ մէկամսեայ ժամկէտի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment