Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ի՞նչպէս Կրնայ Ազդել Թրամփի Ընտրութիւնը Հայաստանի Վրայ

Ի՞նչպէս Կրնայ Ազդել Թրամփի Ընտրութիւնը Հայաստանի Վրայ

by MassisPost

Ամերիկայի նախկին նախագահ Տանոլտ Թրամփ իր ընտրական հերթական հա ւաքներէն մէկուն ընթացքին բեմէն յայտարարեց, որ ինք պատրաստ չէ պաշտպանելու ՆԱԹՕ-ի անդամ այն երկիրներուն, որոնք  չեն վճարեր իրենց տուրքերը եւ ընդհակառակը պիտի քաջալերէ Ռուսաստանը, որպէսզի յարձակի անոնց վրայ:

Թրամփի այս յայտարարութիւնը դատապարտումի ալիք բարձրացուց Ատլանտեան Ովկիանոսի երկու ափերուն:  Եւրոպացիք արդէն իսկ մտահոգուած էին, որ Թրամփի վերադարձով ՆԱԹՕ-ի դաշինքը կրնայ քայքայաուիլ՝ առիթ տալով Ռուսաստանին շարունակելու իր յարձակումները այլ երկիրներու վրայ: Այժմ անոնք  մտավախութեան մէջ են, որ կարելի չէ վստահիլ Թրամփի Ամերիկային:

Անցեալին, եթէ ոեւէ այլ թեկնածուի կողմէ նման յայտարարութիւներ հնչէին, պիտի նշանակէր անոր քաղաքական կեանքի վախճանը: Սակայն Թրամփի համակիրները այդ ընդունեցին ծափողջոյններով ու համաձայնութեան բացականչութիւններով:

Նախ պէտք է յստակացնել, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ որեւէ երկիր Ամերիկային «տուրք» պարտական չէ: Հարցը հոն է, որ Ուխտի անդամ երկիրները յանձնառութիւն ստանձնած են իրենց երկրի պիւտճէի նուազագոյն երկու տոկոսը յատկացնել բանակին: Կան երկիրներ, որոնք չեն կատարեր այդ պարտաւորութիւնը: Թրամփ գիտնալով հանդերձ այս նրբերանգները կը շարունակէ մոլորեցնել իր կողմնակիցները՝ օգտագործելով «տուրք» բառը:

Նախկին նախագահի նման յայտարարութիւնը պէտք  է մտահոգէ նաեւ Հայութեան՝ մեկնելով անոր անցեալի վարուելակերպէն ու Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերած անտարբերութենէն:

Սկսելու համար յիշեցնենք Թրամփի սերտ յարաբերութիւնները Թուրքիոյ նախագահ Ռաճապ Թայիպ Էրտողանի հետ: Նախագահութեան առաջին շրջանին Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած էր 18 հեռաձայնային խօսակցութիւն, որ ամենէն շատն էր Թրամփի եւ աշխարհի որեւէ այլ  երկրի ղեկավարին հետ: Հեռաձայնային այդ խօսակցութիւններէն մէկուն ընթացքին էր որ, Թուրքիոյ նախագահը պահանջած  էր որպէսզի Ամերիկեան զօրքերը դուրս գան Սուրիոյ քրտական շրջաններէն: Թրամփ, անտեսելով Փենթակոնի ղեկավարութեան կարծիքը Ամերիկեան զօրքերը հեռացուց եւ թրքական բանակը ռազմական  գործողութիւններ սկսաւ քուրտ զինեալներու դէմ, այն զինեալներուն, որոնք Ամերիկայի հետ կողք-կողքի կռուած էին «Իսլամական Պետութիւնը»  պարտութեան մատնելու համար: Այդ օրերուն քաղաքական շրջանակները Թրամփի այդ քայլը վերագրեցին, Թուրքիոյ մէջ անոր ունեցած տնտեսական շահերուն:

Բացի ասկէ կայ նաեւ այն պարագան, որ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Թրամփի  վարչակարգը ոչ մէկ ջանք ըրաւ ստիպելու Ատրպէյճանի՝ դադրեցնելու համար պատերազմը, հակառակ որ, Քալիֆորնիոյ Սան Տիէկօ քաղաքին մէջ իր ունեցած նախընտրական հանրահաւաքի ընթացքին, տեսնելով խումբ մը իրեն համակիր հայերու  ներկայութիւնը, ան բեմէն յայտարարեց ըսելով՝ «Այդ հարցը շուտով կը լուծենք»:

Այս բոլորը կը վերյիշենք գալու համար հոն, որ Սպիտակ  Տուն վերադառնալու պարագային չկայ ոչ մէկ երաշխիք, որ Թրամփ դարձեալ չշարժի  Թուրքիոյ նախագահի թելադրանքով, այս անգամ կանաչ լոյս տալով Ալիեւին՝ յարձակելու համար Հայաստանի վրայ:

Գաղտնիք  չէ, որ ներկայիս Ալիեւին զսպող գլխաւոր ազդակներէն մէկը Ամերիկայի զգուշացումներն են: Այս վիճակը կրնայ փոխուիլ Թրամփի ընտրութեամբ: Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար  ձեռնտու է Թրամփի ընտրութիւնը: Այսօրուայ դրութեամբ վերադարձի հաւանականութիւնը 50-50 է, որ պէտք է մտահոգէ Հայաստանի Կառավարութեան, որուն առջեւ կայ շատ կարճ ժամանակ աւելի արագ զարգացնելու իր պաշտպանական միջոցները ու աւելի մօտենալով Եւրոպային կարողանայ ինքնուրոյն պաշտպանուիլ Ատրպէյճանի դէմ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment