Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պիտի Աջակցինք Հայաստանին` Դէպի Խաղաղութիւն Ճանապարհին. Ֆրանսայի Հանրապետութեան Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Այցելած է ՀՀ Ազգային Ժողով

Պիտի Աջակցինք Հայաստանին` Դէպի Խաղաղութիւն Ճանապարհին. Ֆրանսայի Հանրապետութեան Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Այցելած է ՀՀ Ազգային Ժողով

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանը Փետրուար 23-ին ընդունած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան խորհրդարանական պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ներկայ եղած են ՀՀ ԱԺ Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը, Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբին անդամները` ղեկավար Վլատիմիր Վարդանեանի գլխաւորութեամբ:

«Տարիներ շարունակ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններն ընկալուել են որպէս առանձնաշնորհեալ, որում մեծ դեր է ունեցել նաեւ հայկական սփիւռքը Ֆրանսայում: Այսօր կարող ենք արձանագրել, որ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններն արդէն բարձրացել են հաստատութենական մակարդակի` հիմնուած փոխադարձ շահերի վրայ», ըսած է ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեան` ողջունելով պատուիրակութեան անդամները խորհրդարանին մէջ:

ԱԺ փոխնախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ԵԽ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազոյին` Եւրոպայի խորհրդարանին մէջ Հայաստանին աջակցելու համար, Ֆրանսայի Ծերակոյտին` 2024 թուականի Յունուար 17-ին ընդունած բանաձեւին համար:

Անդրադառնալով Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններու վերայուղարկաւորման իրադարձութեան ֆրանսական պանթէոնին մէջ` ՀՀ վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութեան մասնակցութեամբ, ան ընդգծած է, որ անսասան են երկու ժողովուրդներուն ջերմ բարեկամական յարաբերութիւնները:

ԵԽ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի նախագահ Նաթալի Լուազօն, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, նշած է, որ Հայաստանը իր իւրայատուկ տեղը ունի ֆրանսական քաղաքական կեանքին մէջ:

«Մեր յարաբերութիւնները առանձնայատուկ են: Մենք պիտի աջակցինք Հայաստանին` դէպի խաղաղութիւն ճանապարհին», նշած է Նաթալի Լուազօն:

ՀՀ ԱԺ Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբի ղեկավար Վլատիմիր Վարդանեանը, աննախադէպ համարելով Ֆրանսայի անվտանգութեան նախարարին գլխաւորութեամբ պատուիրակութեան այցը Հայաստան, ընդգծած է Ֆրանսայի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններուն դերակատարութիւնը հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման եւ հայանպաստ բանաձեւերու եւ որոշումներու կայացման գործին մէջ:

Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ կարիքները հոգալու ծրագրերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment