Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Վարչապետն Ու ԱՄՆ Դեսպանը Քննարկած Են ՀՀ-ԱՄՆ Ռազմավարական Երկխօսութեան Հարցեր

ՀՀ Վարչապետն Ու ԱՄՆ Դեսպանը Քննարկած Են ՀՀ-ԱՄՆ Ռազմավարական Երկխօսութեան Հարցեր

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Քրիսթինա Քվինը, քննարկած են տարբեր ուղղութիւններով երկկողմ համագործակցութեան խորացման, Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան վերաբերող հարցեր:

Փաշինեան ու Քվին միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներու, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն, Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին շուրջ։

Փաշինեան կարեւորած է Հայաստան-ԱՄՆ համագործակցութեան շարունակական զարգացումը եւ ընդգծած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման գործին մէջ ԱՄՆ աջակցութիւնը:

Հայաստանի կառավարութիւնը բարձր կը գնահատէ ԱՄՆ ջանքերը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին մէջ եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ուղղուած քայլերուն մէջ, եզրափակած է Հայաստանի վարչապետը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment