Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԵՊՀ Շրջանաւարտը Նշանակուած Է ԱՄՆ Պետական Առաջին Փոխքարտուղար

ԵՊՀ Շրջանաւարտը Նշանակուած Է ԱՄՆ Պետական Առաջին Փոխքարտուղար

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը քուէներու 92 կողմ եւ 5 դէմ յարաբերակցութեամբ, Քուրթ Քեմփպըլը հաստատած է պետական քարտուղարի առաջին տեղակալի պաշտօնին։ Քեմփպըլը այս պաշտօնին պիտի փոխարինէ Վիքթորիա Նուլանտին։

Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքենի նորանշանակ տեղակալը 2021 թուականէն կը զբաղեցնէր ԱՄՆ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի՝ Հնդկական եւ Խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջաններուն համակարգողի պաշտօնը։

Քեմփպըլի պաշտօնական կենսագրութեան համաձայն, 67-ամեայ դիւանագէտը երիտասարդ տարիներուն, ուսանողներու փոխանակման ծրագրի շրջանակներուն մէջ, որոշ ժամանակ ուսանած է Խորհրդային Հայաստանի մէջ՝ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ երաժշտութիւն եւ քաղաքական փիլիսոփայութիւն ուսումնասիրելով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment