Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանը Տարածաշրջանին Մէջ Աշխարհաքաղաքական Որեւէ Փոփոխութիւն Պիտի Չհանդուրժէ. Իրանի Դեսպան

Իրանը Տարածաշրջանին Մէջ Աշխարհաքաղաքական Որեւէ Փոփոխութիւն Պիտի Չհանդուրժէ. Իրանի Դեսպան

by MassisPost

Իրանի դիրքորոշումը յստակ է՝ պիտի չհանդուրժէ աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութիւն այս տարածաշրջանին մէջ։

Փորձագէտներու եւ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ այս մասին  յայտնեց Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանին՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ յառաջ քաշուող «Զանգեզուրի միջանցքին»:

Աշխարհի մէջ կայ ընդունուած մօտեցում, որուն համաձայն՝ միջանցքը կ’ընկալուի որպէս հաղորդակցութեան կապի հնարաւորութիւն, բայց մեր տարածաշրջանին մէջ այն բոլորովին այլ ընկալում ունի: Ըստ դեսպանին, Իրանը իր քայլերով յստակ ցոյց տուած է, որ պիտի չհանդուրժէ աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութիւն այս տարածաշրջանին մէջ։

«Մենք կ’ողջունենք բոլոր ճանապարհներու եւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, եթէ այն տեղի ունենայ երկիրներու շահերու հիման վրայ եւ անոնց ինքնիշխանութեան ներքոյ։ Մենք կողմնակից ենք Հայաստանի հզօրացման ու ուժեղացման, խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման, ուստի այդ ամէնուն մեր տարածաշրջանին մէջ պիտի նպաստէ միայն ուժերու հաւասարակշռութիւնը։ Որեւէ օգնութիւն, որ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ Հայաստանին հետագայ զարգացման համար, պատրաստ ենք տրամադրելու», շեշտած է Իրանի դեսպանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment