Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՔՊ-ն Պիտի Միջնորդէ, Որ Ալէն Սիմոնեանի Եղբօր Կինն Ու Գործով Մնացած Կալանաւորուածները Ազատ Արձակեն. Կոնճորեան

ՔՊ-ն Պիտի Միջնորդէ, Որ Ալէն Սիմոնեանի Եղբօր Կինն Ու Գործով Մնացած Կալանաւորուածները Ազատ Արձակեն. Կոնճորեան

by MassisPost

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը պիտի միջնորդէ, որ Տնտեսութեան նախարարութեան մէջ չարաշահումներու գործով անցնող կալանաւորուածները ազատ արձակեն։

Լրատուամիջոցներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսաւ Ազգային Ժողովի իշխող խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնճորեանը։

«Կային որոշակի հանրային ազդակներ, բայց կանանց մասով կայ մեղմացուցիչ հանգամանք, խօսքը մանկահասակ երեխաների առկայութեան մասին է: Քննարկել ենք երէկ խմբակցութեան նիստում եւ դրական ենք տրամադրուած միջնորդութիւն ներկայացնելու հարցում: Միջնորդութիւն ներկայացնելու ենք երկու կանանց եւ պարոն Յովհաննիսեանի համար, այն կը ներկայացնենք այսօր», ըսաւ ան։

Կոնճորեանի խօսքով՝ «Սիներճի» ընկերութեան կալանաւորուած տնօրէն Աշոտ Յովհաննիսեանը իր ոլորտին մէջ վաստակաւոր անձնաւորութիւն է. «Կարծում ենք, որ, ըստ էութեան, խափանման միջոցի փոփոխութիւնը չի ազդի քննութեան որակի վրայ»։

Հարցումին՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ արդեօք քննարկուա՞ծ է խմբակցութեան կողմէ կալանաւորուածները ազատ արձակելու միջնորդութիւն ներկայացնելու հարցը, Կոնճորեան բացասական պատասխան տուաւ:

Յիշեցնենք՝ ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եղբօր կինը՝ Անի Գէորգեանը, երկու ամիսով կալանաւորուած է: Գործը կապուած է Գէորգեանի՝ «Սիներճի» ընկերութեան մէջ աշխատանքին հետ։ Կազմակերպութիւնը համագործակցած է Տնտեսութեան նախարարութեան հետ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment