Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պապիկեան. «Ունինք Յառաջընթաց Եւ Յաջողութիւններ Զէնքի Ձեռքբերման Բազմազանեցման Հարցով»

Պապիկեան. «Ունինք Յառաջընթաց Եւ Յաջողութիւններ Զէնքի Ձեռքբերման Բազմազանեցման Հարցով»

by MassisPost

Սահմանին իրավիճակը յարաբերական կայուն է, Հանրայինի եթերով յայտարարեց պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը՝ պատասխանելով հարցումին, թէ ի՞նչ վիճակ է սահմաններուն վրայ:

«Այս պահին կարող ենք գնահատել իբրեւ յարաբերական կայուն: Այս պահին կուտակումներ չկան, եւ վերջին ամիսներին իրավիճակը կարելի է բնորոշել նոյն կերպ, որը կայունութեան եւ հանդարտությեան որոշակի նշաններ է իրենից ներկայացնում», ըսաւ Պապիկեան:

«Ֆրանսան եւ Հնդկաստանը դարձել են մեր հիմնական գործընկերները, բայց նաեւ կան այլ երկրներ, որոնց չեմ ուզենայ անդրադառնալ», ըսաւ նախարարը՝ անդրադառնալով զէնք-զինամթերքի ձեռք բերման գործընթացին:

Պապիկեան նշեց, որ երբ 2022-ի սեպտեմբերեան դէպքերէն յետոյ պարզ դարձաւ, որ Հայաստանի համար կը փակուին շուկաներ, խնդիր դրած են ապահովել զէնք-զինամթերքի ձեռքբերման բազմազանեցումը եւ ունին Էական յառաջընթաց եւ յաջողութիւններ այս հարցով:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը որեւէ երկրի նկատմամբ որեւէ նկրտում չունի, որեւէ տարածքային պահանջ չունի, եւ մեր զինուած ուժերի նպատակը ՀՀ ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելն է», ընդգծեց նախարարը:

«Ծառայելու պատրաստակամութեան պակաս ունենք, դա ցոյց է տալիս այն հանգամանքը, որ շատերը փորձում են զարտուղի ճանապարհով խուսափել զինծառայութիւնից», անդրադառնալով զօրակոչի խնդիրներուն, ըսաւ Պապիկեան՝ ընդգծելով, որ այդ հարցին անդրադարձած է վարչապետը:

«Կան յանձնարարականներ բոլոր պատկան մարմիններին՝ այդ հարցով զբաղուելու համար», յաւելեց ան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment