Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԵԿ-ը Հրապարակած Է 1000 Խոշոր Հարկ Վճարողներու Ցանկը

ՊԵԿ-ը Հրապարակած Է 1000 Խոշոր Հարկ Վճարողներու Ցանկը

by MassisPost

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէն կը յայտնէ, որ ՊԵԿ պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած է 2023 թ. Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին առաջին 1000 խոշոր հարկ վճարողներու կողմէ վճարուած հարկերու եւ վճարներու վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը։

1000 խոշոր հարկ վճարողներու կողմէ 2023 թ. Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներու ընթացքին պետական պիւտճէ ընդհանուր առմամբ վճարուած է աւելի քան 1 թրիլիոն 710 միլիառ 577 միլիոն դրամ:

Հարկային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը կազմած է աւելի քան 1 թրիլիոն 308 միլիառ 983 միլիոն դրամ, իսկ մաքսային մարմին կատարուած վճարումներուն գումարը՝ շուրջ 401 միլիառ 594 միլիոն դրամ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment