Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանն Ու ԱՄԷ-ն Պայմանաւորուած Են Խորացնել Հետագայ Գործակցութիւնը՝ Արեւային Ուժանիւթի Արտադրութեան Ոլորտին Մէջ

Հայաստանն Ու ԱՄԷ-ն Պայմանաւորուած Են Խորացնել Հետագայ Գործակցութիւնը՝ Արեւային Ուժանիւթի Արտադրութեան Ոլորտին Մէջ

by MassisPost

Նախարար Վահան Քերոբեան Հայաստանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Նարիման Ալ-Մուլլայի եւ Մաստար ընկերութեան՝ Հայաստանի մէջ իրականացուող նախագիծերու համակարգող Մոհամմատ Ալ Շեհիի հետ պայմանաւորուած է խորացնել հետագայ գործակցութիւնը՝ արեւային ուժանիւթի արտադրութեան ոլորտին մէջ։

Հայաստանի եւ ԱՄԷ-ի միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը 2023-ին հասած է 2,8 միլիառ տոլարի, ինչ որ Էմիրութիւնները կը դարձնէ Հայաստանի երկրորդ խոշորագոյն առեւտրային գործընկերը:

Մինչեւ 2023-ի Սեպտեմբերի վերջը ԱՄԷ-էն ներդրումներու հոսքը կազմած է շուրջ 135.235,1 միլիոն դրամ, որմէ ուղղակի համախառն հոսքերը՝ 105.192 միլիոն դրամ։

Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ գործարար եւ միջպետական գործակցութիւնը կը շարունակէ ընդլայնուիլ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment