Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գագիկ Խաչատրեան Դատարան Եկաւ Շտապօգնութեան Մեքենայով. Ըստ Դատախազին՝ Փորձ Կը Կատարուի Նիստը Խոչընդոտելու

Գագիկ Խաչատրեան Դատարան Եկաւ Շտապօգնութեան Մեքենայով. Ըստ Դատախազին՝ Փորձ Կը Կատարուի Նիստը Խոչընդոտելու

by MassisPost

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի (ՊԵԿ) նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեան մօտ կէս ժամ ուշացաւ իր դատավարութենէն։ Փաստաբանը ըսաւ, որ սայլակով տեղաշարժող պաշտպանեալը հիւանդանոցն էր։

«Ինձ տեղեկացրին, որ ներերակային ներարկում պէտք է կատարուի, որը խնդիրներ է յառաջացնում երակների բարակութեան եւ այլնի հետ կապուած, իրենց բառերով ասած՝ չի ստացւում այս պահին, դրա համար մի քիչ ձգձվում է», ըսաւ Երեմ Սարգսեանը։

Խաչատրեան դատարան եկաւ շտապօգնութեան մեքենայով՝ բժիշկներու ուղեկցութեամբ, ու նիստը չսկսած փաստաբան Երեմ Սարգսեանը խնդրեց ընդմիջել զայն, որ պաշտպանեալին ներարկում ընեն։

Խաչատրեանի փաստաբանը յայտարարեց՝ ողնաշարի լուրջ խնդիրներ ունեցող պաշտպանեալը Հայաստանի մէջ չեն կրնար վիրահատել, իսկ Գագիկ Խաչատրեանը չի կրնար երկար նստած մնալ՝ ցաւերը կը սաստկանան։ Ըստ Երեմ Սարգսեանի՝ նոյնիսկ պետական յանձնաժողովներու բժիշկները լուրջ գնահատած են անոր վիճակը։

Դատախազութիւնը բազմիցս յայտարարած է՝ նման բնագրերով մեղադրեալը ամէն անգամ նիստերը կը յետաձգէ։ Դատախազ Գէորգ Սարգսեանը ըսաւ՝ նոյնիսկ հաշիւը կորսնցուցած են։

«Եթէ Դուք չէք ծրագրաւորում խոչընդոտել դատական նիստի բնականոն ընթացքը, եթէ չի ծրագրաւորել պաշտպանութեան կողմը, որ որեւէ իքս պահի պէտք է դատական նիստը վատառողջ լինելու պատճառաբանութեամբ ընդհատուի եւ չշարունակվի, եթէ չկայ նիստի ձախողում ծրագրաւորած պաշտպանութեան կողմից, ապա բնական է՝ որեւէ խոչընդոտ չկայ այս պայմանում, որ Սեդրակ Առուստամեանը հարցաքննուի, եւ յետոյ արդէն պաշտպանութեան կողմից միջնորդութիւն ներկայացուի», ըսաւ դատախազը։

Հայաստանեան իրաւապահները 6 տարի մաքսային եւ հարկային ծառայութիւնները, եւս երկու տարի ալ Ելեւմուտքի նախարարութիւնը ղեկավարած 68-ամեայ Խաչատրեանը կը մեղադրեն չարաշահման, վատնում կատարելու, փողերու լուացման օժանդակելու, պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու, կաշառք ստանալու, պաշտօնէական կեղծիքներ կատարելու համար։ Ընդհանուր առմամբ, Խաչատրեանի գործողութիւններուն հետեւանքով պետութեան պատճառուած վնասը եւ կաշառքի չափը կը կազմէ աւելի քան 41 միլիոն տոլար։

Այս գործով վկայ Սեդրակ Առուստամեանը նոյն այս դրուագով նաեւ մեղադրեալ է։ Ըստ իրաւապահներուն՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի առեւտրային կայսրութեան ղեկավարը Գագիկ Խաչատրեանին աւելի քան 22 միլիոն տոլար կաշառք տուած է, որ «Մուլթի Կրուփը» խոչընդոտներ չունենայ հարկային դաշտին մէջ։

Աւելի վաղ Խաչատրեանի փաստաբանը պնդած էր, որ այդ գումարը Առուստամեանը պարտքով տուած է, որ Խաչատրեանի որդիները Լոս Անճելըսի մէջ առանձնատուն գնէին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment