Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շատ Բարեկիրթ Մօտեցած Է Մեր Ծառայողը Շահրամանեանին Եւ Զգուշացուցած, Որ Շարասիւնով Կարելի Չէ Երթեւեկել. Վահէ Ղազարեան

Շատ Բարեկիրթ Մօտեցած Է Մեր Ծառայողը Շահրամանեանին Եւ Զգուշացուցած, Որ Շարասիւնով Կարելի Չէ Երթեւեկել. Վահէ Ղազարեան

by MassisPost

Ներքին գործերու նախարար Վահէ Ղազարեան ասուլիսի ժամանակ հաստատեց, որ պարեկային ոստիկանութեան աշխատակիցը կանգնեցուցած է Սամուէլ Շահրամանեանի շարասիւնը եւ տեղեկացուցած է, որ նման կարգով երթեւեկելու իրաւունք չունի:

Հարցադրման ի պատասխան՝ Վահէ Ղազարեան ըսաւ՝ տեղեակ չէ, որ պարեկը Շահրամանեանին ըսած ըլլայ, թէ Հայաստանը Ղարաբաղ չէ, որ ինչպէս ուզէ՝ երթեւեկէ:

«Ես նման արտայայտութիւն չեմ լսել, որ որեւէ պարեկային ծառայող ասած լինի, նաեւ նման ցուցում չկայ: Տեղի ունեցածը ես լրատուական կայքերից կարդացել եմ: Գիտեմ, որ շատ բարեկիրթ մօտեցել է մեր ծառայողը եւ զգուշացել, որ շարասիւնով չի կարելի երթեւեկել: Եթէ այլ բան կայ՝ կը խնդրեմ աւելի մանրամասն ուսումնասիրեն եւ զեկուցեն»,- ըսաւ նախարարը:

Ան նաեւ տեղեկացուցց, որ Հայաստանի մէջ շարասիւնով կ’երթեւեկեն միայն այն անձերը, որոնց այդ իրաւունքը տրուած է կառավարութեան որոշմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment